ԱՆՓՈՓՈԽ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄ

Եկեղեցական կեանքէ ներս լայն արձագանգ ստեղծած է՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի որոշումը, որով ան պիտի չշարունակէ թեմակալ առաջնորդի պաշտօնը։ Յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած է Արեւելեան թեմի Պատգամաւորական ժողովը, որու գումարման ընդառաջ նորին սրբազնութիւնը տեղեկացուց, որ թեկնածու պիտի չներկայանայ առաջնորդի պաշտօնին համար։

Ինչպէս ծանօթ է, Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան հաւանական թեկնածուներէն մին է՝ Պոլսոյ պատրիարք դառնալու համար։ Իրեն վերաբերեալ բոլոր իրադարձութիւնները մեր համայնքային շրջանակներուն կողմէ կ՚ընկալուին կամ կը դիտարկուին համապատասխան հեռանկարի լոյսին տակ։ Թէեւ նորին սրբազնութիւնը վաղուց յայտնած է, որ մտադիր չէ թեկնածու ներկայանալ՝ Պոլսոյ Աթոռի գահակալ դառնալու համար, սակայն համայնքային շրջանակները միշտ յոյս ունին, թէ ան կրնայ վերատեսութեան ենթարկել իր դիրքորոշումը։

Հիմա, որ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան որոշած է դադրեցնել որպէս առաջնորդ պաշտօնավարութիւնը Նիւ Եորքի մէջ՝ նոյն հարցումը դարձեալ ակամայ կը զբաղեցնէ համայնքային շրջականերու օրակարգը։

Այս իրավիճակին մէջ շաբաթավերջին հեռաձայնային կապ հաստատեցինք Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի հետ, որ մեզի յայտնեց, թէ առաջնորդի պաշտօնէն թէեւ պիտի հեռանայ, սակայն Պոլսոյ վերաբերեալ իր որոշումը կը մնայ ի զօրու։ «Ես ունիմ ուրիշ մտադրութիւններ, որոնց մասին խօսած եմ Վեհափառ Հայրապետին հետ եւ ունեցած՝ իր հաւանութիւնը։ Եթէ Պոլսոյ վերաբերեալ որոշումի փոփոխութիւն մը ունենայի, ապա չէի նախընտրեր անուղղակի ձեւով գործել։ Բնականաբար, ամենէն առաջ պիտի խօսէի Արամ Սրբազանին հետ, պիտի խորհրդակցէի Պարոն Պետրոս Շիրինօղլուի եւ նման ազգայիններու հետ, տեղեակ պիտի պահէի նաեւ ձեզի», ըսաւ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան։

Հեռախօսազրոյցի աւարտին նորին սրբազնութիւնը հերթական անգամ մաղթեց, որ պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ խնդիրը ժամ առաջ ունենայ բարւոք լուծում։

Հարկ է յիշեցնել, որ մօտաւոր անցեալին Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցած պատրիարքական ընտրութիւններուն ժամանակ եւս Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան չէր դրած իր թեկնածութիւնը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018