ՏԳԵՂ ՏԵՍԱՐԱՆ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ առջեւ այս առաւօտեան լուսաբացին ստեղծուած է տգեղ տեսարան մը։ Եկեղեցւոյ մուտքը ամբողջութեամբ փակուած էր աղբի կոյտով մը։ Յարակից պատին վրայ ալ արձանագրուած էր լոզունգ մը. «Այս հայրենիքը մերն է»։

Այս տհաճ կացութեան առջեւ անմիջապէս շարժման անցաւ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը։ Ոստիկանութեան համապատասխան բաժանմունքներուն եւ քաղաքապետարանին հետ շփում հաստատուեցաւ։ Աղբի կոյտը մաքրուեցաւ շուտով եւ ազատւեցաւ եկեղեցւոյ մուտքը։ Ոստիկանութեան ստուգումներուն զուգահեռ պարզուեցան նաեւ դէպքին մանրամասնութիւնները։ Այսպէս, հակառակ պատին վրայ գրուած լոզունգին, այս խնդիրը բացարձակապէս չունի քաղաքական բնոյթ մը։ Կացութիւնը յառաջացած է հետեւեալ ձեւով.

Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն, անծանօթ մը, Ս. Պատարագի նախորդած ժամերգութեան սկիզբին մուտք գործած է Ս. Թագաւոր եկեղեցի եւ բարձրաձայն յայտնած է, որ կը փափաքի նամազ ընել այնտեղ։ Հոգեւոր հայրերն ու պատասխանատուները անմիջապէս անդրադարձած են, որ ենթական ունի հոգեկան անհաւասարակշիռ վիճակ։ Այդ կացութեան առջեւ, առանց պաղարիւնութենէ հեռանալու եւ բռնութեան կամ կոպտութեան դիմելու՝ կարելի եղած է այդ անձը համոզել, որպէսզի դուրս գայ եկեղեցիէն։ Ան թէեւ եկեղեցիէն դուրս եկած է, սակայն օրուան տեւողութեան չէ հեռացած մայր դրան մերձակայքէն։ Եկեղեցւոյ պատասխանատուները նկատած են, որ այդ թէեւ փոքրիկ, բայց բանուկ շուկայի հրապարակին վրայ օրուան տեւողութեան ենթական ուշադրութիւն գրաւած է անհաւասարակշիռ այլ շարժումներով։

Այս առաւօտեան տեսարանին առջեւ ոստիկանութիւնը անմիջապէս ստուգած է անվտանգութեան տեսախցիկները։ Պարզուած է, որ երէկ առաւօտ կանուխ եկեղեցի մուտք գործողը եւ կէս գիշերը անց եկեղեցւոյ առջեւ աղբերը կուտակողը նոյն անձն է։ Ոստիկանութիւնը պարզած է նաեւ, որ ան սոսկ անհատ մըն է եւ դէպքը որեւէ քաղաքական երանգ չունի։ Կարգ մը երեսփոխաններ ալ այս կացութեան առջեւ ցուցաբերած են հետաքրքրութիւն։

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի աղբիւրները այս առաւօտ յայտնեցին, որ ամէն ինչ վերադարձած է իր բնականոն հունը եւ թաղեցի հաւատացեալները սովորական ձեւով կրնան եկեղեցի այցելել մոմավառութեան համար։ Թաղային խորհուրդը շնորհակալութիւն կը յայտնէ այն բոլոր մարմիններուն, որոնք շուտով արձագանգած են իրենց դիմումին եւ վերաբերուած՝ ամենայն պատրաստակամութեամբ։ Անշուշտ, թաղային խորհուրդին տեսակէտէ դրական կը համարուի նաեւ այս դէպքին քաղաքական բնոյթ մը չունենալը։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018