E3 ՁԵՒԱՉԱՓԻՆ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ շաբաթավերջին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Եւրոպայի յառաջատար երեք երկիրներու ղեկավարները այս առթիւ կարծիքի փոխանակումներ ունեցան Իրանի հիւլէական ծրագրին վերաբերեալ համաձայնութեան շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երկար ատենէ ի վեր մտադրութիւն կը յայտնէ՝ Իրանի հիւլէական ծրագրին վերաբերեալ գոյացած համաձայնութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու ուղղութեամբ։ Եւրոպական երկիրները սկիզբին աւելի բուռն ձեւով կողմնակից էին այդ համաձայնութեան պահպանման։ Վերջին շրջանին անոնք ալ ազդանշաններ կու տան այս ուղղութեամբ որոշ փոփոխութիւններու համար։ Էմմանուէլ Մաքրոն եւ Անկելա Մերքէլ վերջին շրջանին իրերայաջորդ այցելեցին Ուաշինկթըն, ուր տեսակցեցան Տանըլտ Թրամփի հետ։

Թերեզա Մէյ, Էմմանուէլ Մաքրոն եւ Անկելա Մերքէլ շաբաթավերջի հեռախօսազրոյցներուն ընթացքին յանգեցան այն եզրակացութեան, թէ այս համաձայնութիւնը լաւագոյն ճանապարհն է՝ կանխելու համար Իրանի հիւլէական զէնքեր ձեռք բերելը։ Անոնք համակարծիք են նաեւ, որ միջազգային հաւաքականութեան առաջնահերթութիւնն է՝ կանխել Իրանի կողմէ հիւլէական զէնքերու ապահովուիլը։

Թերեզա Մէյ, Էմմանուէլ Մաքրոն եւ Անկելա Մերքէլ համակարծիք գտնուեցան նաեւ այլ նիւթի մը շուրջ։ Այսպէս, Իրանի վերաբերեալ հիւլէական համաձայնութեան ժամկէտի աւարտին ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Այս հարցադրումը կարեւոր կը համարուի թէ՛ Լոնտոնի, թէ՛ Փարիզի եւ թէ Պերլինի կողմէ։ Բաց աստի, Եւրոպայի յառաջատար այս երեք երկիրները ուշադրութիւն կը կեդրոնացնեն Իրանի պալիսթիք հրթիռներու խնդրին վրայ։ Անոնք համոզուած են, թէ հիւլէական համաձայնութիւնը չ՚ընդգրկեր Թեհրանի այն շարժումները, որոնք տարածքաշրջանէ ներս կայունութիւնը կը խանգարեն։ Հետեւաբար, երեք ղեկավարները համաձայն գտնուեցան՝ որպէսզի այս հարցերը եւս քննարկուին։

Այս երեք երկիրները իրենց հասարակաց շահերուն եւ անվտանգութեան համար որոշեցին սոյն եռակողմանի ձեւաչափին (E3) մէջ տեւականացնել աշխատանքը։ Նոյն ձեւաչափին մէջ կը քննարկուին նաեւ ԱՄՆ-Եւրոմիութիւն մաքսատուրքերու դրութեան վերաբերեալ շարք մը խնդիրներ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 30, 2018