ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Այս հեռախօսազրոյցը շատ կարեւոր էր, որովհետեւ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ ներկայիս դարձեալ յառաջացած են տարակարծութիւններ։ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ առկայ անհամաձայնութիւններու հիմնական նիւթը կը հանդիսանան Ս-400 ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը, որոնք պիտի ձեռք բերուին թրքական զինեալ ուժերուն համար։ Թրամփի հետ խօսելու ժամանակ Էրտողան երէկ առաջարկեց աշխատանքային խումբ մը ստեղծել այս նիւթին շուրջ։ Նախագահներու այս զրոյցին կը սպասուէր միջոցէ մը ի վեր։ Պեշթեփէի աղբիւրները երէկ այս կապակցութեամբ հանդէս եկան գրաւոր յայտարարութիւնով մը, որու բովանդակութեան մէջ մանրամասնութիւններ հաղորդուած են նախագահներու զրոյցին շուրջ։

Երկկողմանի եւ տարածքաշրջանային խնդիրներու շուրջ կարծիքի փոխանակումներ ունենալու առընթեր, Էրտողան եւ Թրամփ վերահաստատած են երկկողմանի առեւտուրի ծաւալը 75 միլիառ տոլարի մակարդակին հասցնելու նպատակը եւ առնուելիք համապատասխան քայլերը։

Նախագահները Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ ունեցած են կարծիքի փոխանակումներ եւ համակարծիք գտնուած են՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի համար սերտ համագործակցութեան տեւականացման ուղղութեամբ։

Զրոյցի տեւողութեան Էրտողան պախարակած է ԱՄՆ-ի Սան Տիէկօ քաղաքէն ներս վերջերս պատահած զինեալ յարձակումը ու փոխանցած՝ ցաւակցութիւններ։

Սպիտակ տան աղբիւրներն ալ այս հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ հանդէս եկան յայտարարութիւններով։ Այդ հաղորդումներուն մէջ ալ մատնանշուեցաւ, որ Ս-400-ներու խնդիրը օրակարգի վրայ եկած է հեռախօսազրոյցի ընթացքին։

ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրներն ալ երէկ լուսաբանութիւններով հանդէս եկան Թուրքիոյ կողմէ ներածուելիք նոր զինատեսակներուն շուրջ։ Ըստ նախարարութեան իրաւասուներուն, Ս-400 հրթիռները յառաջիկայ յունիսին պիտի ձեռքբերուին Թուրքիոյ կողմէ։ Անոնց պատճառով յապաղման ենթարկուած Ֆ-35 ամերիկեան ռազմաօդանաւերն ալ Թուրքիոյ պիտի յանձնուին յառաջիկայ նոյեմբերին։ Իրաւասուները յիշեցուցին, որ Անգարայի առարկութիւնները նկատի առնելով Ուաշինկթըն Փաթրիոթ հրթիռներու վերաբերեալ առաջարկը փոփոխութեան ենթարկելով վերստին ներկայացուցած է 28 մարտին։ Ամերիկեան կողմի նոր առաջարկը ներկայիս կ՚արժեւորուի Թուրքիոյ կարիքներու լոյսին տակ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2019