ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ… ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԼՈՒՐԵՐ

Լրահոսին վրայ դարձեալ Պէյրութը կայ։ Խնդիրը այն է, թէ հազիւ դուրս գալով քորոնայի համաճարակ ըլլալու դրոյթէն (անշուշտ քորոնան տակաւին չի պատրաստուիր վերջնականապէս լքել այդ երկիրը), Լիբանանի մէջ ընթացք կ՚առնէր տնտեսական բնոյթի նոր լարուածութիւն մը, որ կը պայմանաւորուի ամերիկեան տոլարին մեծ ոստումով։

Անշուշտ եղած եւ գալիք զարգացումները առընչուած են անցեալ հոկտեմբերին Լիբանանի մէջ ծայր առած քաղաքացիական շարժումներով, որոնք կը պահանջէին այդ օրուան վարչապետ Սաատ Հարիրիի ու անոր կառավարութեան, նաեւ ամբողջ քաղաքական վերնախաւին հրաժարականը։

Հարիրի, որ աւելի ուշ տեղի կու տար, առիթ կը բանար նոր փուլի մը, որուն ներկայի ղեկավարը վարչապետ Հասաան Տիապն է, որ ամէն պարագայի յայտնուած է բաւականին լուրջ դրութեան մը մէջ։

Ամերիկեան տոլարի սղաճի կողքին, Լիբանան կը դիմագրաւէ քաղաքական դրոյթի տարբեր մակարդակի «ամպարկօ»ներ, որոնց ամենագլխաւորը արաբ-սիւննի աշխարհը անտեսող կեցուածքն է, անշուշտ պայմանաւորուած սիւնիի-շիի մեծ պայքարով, որուն հիմնական նետը կամ աւելի ճիշդ կ՚ըլլայ ըսել թիրախը՝ իրանամէտ «Հիզպուլլահ»ն է։

Անշուշտ այս ընդհանուր «գոյապայքար»ը մեզ պիտի տանի բաւական ետ… Երբ լիբանանցիք, յատկապէս դիմադրութեան հաւատացող լիբանանցիներու խաւը, մեծ ոստում մը կատարելով, կը կարողանար Իսրայէլը հեռացնել լիբանանեան հողերէն եւ այդ տեղի կ՚ունենար 2000 թուականին։

Շատերու կողմէ «խաղ» համարուած այդ ձեռքբերումը, նաեւ ցոյց կու տար, որ Մերձաւոր Արեւելքի մեծ աւազանին մէջ «Հիզպուլլահ»ը ոչ միայն տեղական խաղացող մըն է, այլ նաեւ ունի բաւական մեծ ներուժ եւ կրնայ զանազան մակարդակի օրակարգեր ձեւաւորել՝ սկսած Սուրիայէն, անցնելով մինչեւ Իրաք եւ նոյնիսկ հեռաւոր Եմէն։

Այս կէտին է, որ այս կուսակցութեան գաղափարական ենթահողին վրայ հիմնուած մօտեցումները, ինչպէս նաեւ անոր ռազմիկներուն կուռ եւ մինչեւ արեան վերջին կաթիլ կռուելու տրամադրուածութիւնը կը դառնային արաբական աշխարհի տէրերուն, կամ աւելի ճիշդը, այդ աշխարհի ամերիկամէտ կողմերուն համար անընդունելի գոյութիւն։ Ընդհուպ մինչեւ այդ կողմերուն կողմէ «Հիզպուլլահ»ը որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն ճանչնալու պատրաստակամութիւնը՝ դարձնելով ամէնօրեայ օրակարգի նիւթ։

Ամէն պարագայի, այն ինչ որ կը կատարուի այսօր Պէյրութի մէջ, անմիջականօրէն կապուած է Իրան-Միացեալ Նահանգներ մեծ պայքարին, որուն ամենալարուած փուլերէն մին արդէն թեւակոխած ենք։

Յառաջիկային ալ ծայր առած այս պայքարը պիտի շարունակուի, սակայն բոլորին համար աւելի քան բացորոշ է, որ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առկայ սուր լարուածութիւնը երբեք պիտի չմտնէ ուղղակի բախումներու փուլ, այլեւ պիտի գոհանայ «հեռավար» փոքրիկ կամ միջին չափի «պատերազմ»ներով, որոնց ամենէն ազդեցիկը այսօր կ՚ընթանայ Պէյրութի մէջ։

1500 լիրա արժող ամերիկեան տոլարը այս օրերուն Պէյրութի մէջ վաճառուեցաւ 4000 լիրայի։ Բազմաթիւ դրամատուներ հրկիզուեցան, լումայափոխներ ձերբակալուեցան ու տակաւին այս բոլորէն անդին քաղաքացիներ պատրաստ են փողոցներէն դուրս չգալ մեծ խորագիր եւ օրակարգ դարձնելով՝ ամէնօրեայ «սեւ հաց» մը չկարենալ ապահովելու հիմնախնդիրը։

Թէ ի՞նչ ուղղութեամբ կրնան երթալ զարգացումները, տակաւին յստակ չէ, սակայն աւելի քան բացորոշ է, որ Լիբանանը ճակատումի վայր դարձուցած երկու կարեւոր կողմերը՝ յատկապէս Միացեալ Նահանգներ եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը, երբեք ալ պատրաստ չեն զիջողական քայլեր առնելու։ Այս երեւոյթը ենթադրել կու տայ, որ այսօր ստեղծուած իրավիճակը կրնայ աւելի ու աւելի վատթարանալ եւ քաղաքացիներու կարեւոր մէկ տոկոսը տանիլ սնանկութեան եւ անօթութեան դռները։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2020