ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԳԱԳԱԹ

Ֆրանսայի Նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ Փարիզի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինը։ Այս կարեւոր գագաթնային հանդիպման ընթացքին երկու նախագահները կանգ առին միջազգային օրակարգի հրատապ խնդիրներուն վրայ։ Վերսայի պալատի երդիքին տակ տեղի ունեցան բանակցութիւնները, որոնց ընթացքին Մաքրոն եւ Փութին առաջնահերթօրէն շօշափեցին Սուրիոյ տագնապը եւ Ուքրայնոյ կացութիւնը։

Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախագահներու համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Էմմանիւէլ Մաքրոն ընդգծեց, որ համաշխարհային կարեւոր խնդիրները հնարաւոր չէ լուծել առանց Ռուսաստանի հետ երկխօսութեան։ Մաքրոնի խօսքերով, Փութինի հետ առաջնահերթօրէն քննարկած են Սուրիայէ ներս «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման (ԻՇԻՊ) դէմ պայքարի վերաբերեալ հարցեր։ «Անհրաժեշտ է այս ճգնաժամին գտնել քաղաքական լուծում եւ վերահաստատել խաղաղութիւն», ըսաւ ֆրանսացի ղեկավարը եւ աւելցուց, որ քիմիական զէնքի կիրառումը Փարիզի ղեկավարութեան տեսակէտէ կը համարուի կարմիր գիծ։ Բաց աստի Էմմանիւէլ Մաքրոն դիտել տուաւ, որ քննարկումներու շարքին գտնուած է Ուքրայնոյ իրավիճակը։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ պէտք է աշխատանքը շարունակել Նորմանտական քառեակի ձեւաչափին մէջ։

Վերսայի պալատին մէջ երեք ժամ տեւած բանակցութիւններու աւարտին Վլատիմիր Փութինն ալ յայտարարեց, որ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ համաձայնութեան հասած են՝ որպէսզի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի համար ստեղծեն աշխատանքային խումբ մը։ Պատասխանելով Ուքրայնոյ ճգնաժամին վերաբերեալ հարցումի մը՝ Փութին յայտնեց, որ Ռուսաստանի դէմ ձեռնարկուած տնտեսական բոլոր պատժամիջոցները պէտք է դադրեցուին։ Այդ պատժամիջոցները որեւէ նպաստ չեն ապահովեր Ուքրայնոյ ճգնաժամի լուծման։

Երեքշաբթի, Մայիս 30, 2017