25-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի եւ տեղական մարմիններու 26-րդ համատեղ նիստը։ Ժողովը գլխաւորեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ ի պաշտօնէ ղեկավարն է այս խորհուրդին։ Ներկայ էին նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ.Կաթողիկոսը, Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեան, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ Սփիւռքէն գործիչներ։

Հարկ է նշել, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը արդէն թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 25-ամեակը։ Արդիւնաւէտ ու ծաւալուն գործունէութեամբ բոլորուած քառորդ դար մըն է այս մէկը։ Ժողովի ընթացքին Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց 25-ամեակը եւ այս փուլը նշանակալի յոբելեան մը համարեց՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան համատեսքին մէջ։ «Հիմնադրամը կը շարունակէ իրականացնել իր բացառիկ առաքելութիւնը։ Բեղմնաւոր եւ նպատակային գործունէութեան շնորհիւ ան կը շարունակէ վայելել մեր ժողովուրդի համակրանքն ու վստահութիւնը։ Հիմնադրամի 25 տեղական մարմինները կը գործեն աշխարհի 22 երկիրներուն մէջ։ Ուշագրաւ է հիմնադրամի ապաքաղաքական բնոյթը, ինչ որ թոյլ կու տայ մէկտեղել եւ միահիւսել մեր բոլոր գաղափարները, հնարաւորութիւններն ու միջոցները՝ համախմբելով եւ հզօրացնելով Հայաստանը, Արցախն ու Սփիւռքը։ Անցեալ 25  տարիներու ընթացքին ստեղծուած ծրագրերն ու աշխատանքները իսկապէս տպաւորիչ են թէ՛ քանակով եւ թէ որակով», ըսաւ Սերժ Սարգսեան ու վստահութիւն յայտնեց, թէ ապագային եւս հիմնադրամը պիտի շարունակէ իր ազգանուէր գործունէութիւնը՝ ոգեւորելով բոլորը իր յաջողած ծրագրերով, եռանդուն քայլերով եւ յստակ արդիւնքներով։

Ժողովի ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան։ Քննարկուեցան «Մարաթոն-2017» նուիրահաւաքման արշաւի վերաբերեալ զանազան հարցեր։ Քննարկումներու արդիւնքին որոշուեցաւ, որ այս տարուան հանգանակութիւնը նպատակաուղղուած պիտի ըլլայ Արցախի տարածքէն ներս հիմնական երկու ծրագրերու իրականացման։ Այդ ծրագրերը կը վերաբերին խորքային հորերու օգտագործման ու ոռոգման նոր ցանցի մը կառուցման եւ արեւային ուժանիւթի կիրառման։

Երեքշաբթի, Մայիս 30, 2017