ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Վրաստան։ Ան այս առաւօտ ժամանեց Թիֆլիզ, ուր օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէի կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ վիրահայոց թեմակալ առաջնորդ Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան։ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած կառավարութեան կազմին մէջ են Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան, Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, Մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց, Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, Փոխադրութան ու կապի նախարար Աշոտ Յակոբեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Վարչապետին կ՚ուղեկցի նաեւ իր կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան։

Օդակայանէն վերջ Նիկոլ Փաշինեան առաջնորդուեցաւ Վրաստանի կառավարութեան շէնքը։ Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլի զինուորական հանդիսաւոր արարողութիւնով դիմաւորեց իր պաշտօնակիցը։ Երկու վարչապետները ունեցան առանձնազը-րոյց մը եւ գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։  Երկօրեայ այցելութեան ընթացքին Փաշինեան կը տեսակցի Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի, համայն Վրաստանի Իլիա Բ. Կաթողիկոս-Պատրիարքի եւ Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Իրակլի Քոպախիծէի հետ։ Ան կը մէկտեղուի նաեւ վրացահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ։

Ուղեւորութեան ծրագրին վրայ նախատեսուած է նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի այցելութիւնը Ջաւախքի շրջանը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 30, 2018