ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՇԱՏ ԿԱՐԵՒՈՐ Է ԵԱՏՄ-Ի ԱՐՏԱՔԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ԸՆԴԼԱՅՆՈՒՄԸ»

Ղազախիստանի մայրաքաղաքը՝ Նուրսուլթանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Եւրոասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի հերթական նիստը։ Սա յոբելենական հաւաքոյթ մըն էր, որովհետեւ կը զուգադիպէր Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան հիմնադիր պայմանագրի ստորագրման եւ զուգահեռաբար՝ կազմակերպութեան հիմնադրութեան հնգամեակին։

Հաւաքին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած կառավարական պատուիրակութիւնը։

Այս աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքայեւի, ինչպէս նաեւ այդ երկրի առաջին նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Թոքայեւ քննարկեցին երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնման հեռանկարները։

Յոբելենական գագաթաժողովի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Երեւան շահագրգռուած է ԵԱՏՄ-է ներս առաւելագոյնս արդիւնաւէտ ներգրաւման։

Նուրսուլթանի մէջ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ գտնուեցաւ գագաթաժողովի մասնակից ղեկավարներու պաշտօնական ճաշին, տեսակցեցաւ նաեւ այն հայ գործարարներուն հետ, որոնք կ՚աշխատին Ղազախիստանի մէջ։ Բաց աստի, Փաշինեան համատեղ մամլոյ ասուլիս մըն ալ սարքեց Եւրոասիոյ տնտեսական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Սարգսեանի հետ։ Այս առթիւ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստանի տեսակէտէ շատ կարեւոր է ԵԱՏՄ-ի արտաքին տնտեսական կապերու ընդլայնումը։ Վարչապետը մատնանշեց, որ ներկայիս բանակցութիւններ կ՚ընթանան ԵԱՏՄ-ի եւ Սինկափուրի, Եգիպտոսի, Սերպիոյ, Իսրայէլի եւ Հնդկաստանի միջեւ։ «Կը կարծեմ՝ սա շատ կարեւոր ուղղութիւն մըն է, որովհետեւ իրապէս կ՚ընդլայնուին հնարաւորութիւնները ԵԱՏՄ-ի անդամ երկիրներու գործարար շրջանակներուն համար։ Կարեւորը այն է, որ մենք ունինք քաղաքական կամք՝ այս բոլոր ուղղութիւններով աշխատելու համար», յայտարարեց Փաշինեան։

Հինգշաբթի, Մայիս 30, 2019