ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Իսրայէլի նախագահ Եիցաք Հերցոկ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Պաքու, ուր կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Երկու ղեկավարները այս առաւօտ ունեցան առանձնազրոյց մը եւ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Օրակարգի վրայ էին երկկողմանի համագործակցութեան հարցերը։

Պաքուի երկկողմանի բանակցութիւնները կը համարուին կարեւոր՝ քանի սա դաշնակիցներու ժամադրութիւն մըն է եւ այս երկու երկիրներու կապերը լրջօրէն կ՚ազդեն տարածաշրջանի հաւասարակշռութիւններուն վրայ։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 30, 2023