«Ա­մա­ռՆա­յին ըն­թեր­ցա­նու­թԻւն» ծրագ­րին ԿԸ մաս­նակ­ցԻն Եր­ևա­նի ու մար­զե­րՈՒ ե­րե­խա­ներն ու պա­տա­նի­նե­րը

Մէկտեղելով հանգիստն ու ընթերցանութիւնը՝ արդէն չորս տարիէ ի վեր իրականացուող «Ամառնային ընթերցանութիւն» ծրագիրը գրական-մշակութային աշխոյժ միջավայր կը ստեղծէ բազում երեխաներու ու պատանիներու համար: Նախաձեռնութեան շրջանակներուն մէջ ամրան ամիսներուն անոնք հնարաւորութիւն կ՚ունենան կարդալու բազում հետաքրքրական ու ինքնատիպ գիրքեր: Արդէն իսկ ժողովրդականութիւն վայելող ծրագիրը կ՚իրականացնէ «Զանգակ» հրատարակչութիւնը:

Այս առթիւ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը զրուցած է «Ամառնային ընթերցանութիւն» մանկապատանեկան ծրագրի բովանդակային համակարգող Սոնա Յովհաննիսեանի եւ «Զանգակ» հրատարակչութեան վաճառման ծրագրերու համակարգող, «Ամառնային ընթերցանութիւն» մանկապատանեկան ծրագրի գլխաւոր համակարգող Մարիաննա Աճեմեանի հետ՝ ծրագրի մասին:

-Ինչպէ՞ս ծնաւ «Ամառնային ընթերցա-նութիւն» ծրագրի իրականացման գաղափարը, ինչպիսի՞ն է ծրագրի մտապատկերը, հասկացութիւնը:

-2014 թուականին «Զանգակ»ի մէջ մի քանի շաբաթ տեւած նիւթին բուռն քննարկում տեղի ունեցած էր, թէ ինչպէս ընել, որ ամառնային արձակուրդին երեխաները կարողանան մէկտեղել հանգիստն ու ընթերցանութիւնը, թէ ինչպէս երեխաներու համար ստեղծել գրական-մշակութային գործօն միջավայր՝ ամառնային արձակուրդը  առաւել արդիւնաւէտ ու հետաքրքրական անցընելու համար: Եւ ահա այդ քննարկման արդիւնքին ալ ստեղծուեցաւ մանկապատանեկան ծրագրի գաղափարը: Այնուհետեւ խումբը սկսաւ աշխոյժ մշակել ծրագրի ձեւաչափը, ընտրուեցաւ ծրագրին մէջ ընդգրկուելիք գիրքերու ցանկը, եւ արդէն 2014 թուականին  ալ սկսանք «Ամառնային ընթերցանութեան»: Ծրագիրը կը տեւէ երեք ամիս՝ յունիսի 1-էն մինչեւ օգոստոսի 31-ը, մշտապէս կ՚ուղեկցուի գրական տարաբնոյթ միջոցառումներով: Ամէն տարի շուրջ 25 գրախանութներու մէջ կը տեղադ-րըւին տնակ-գրապահարաններ, ուր կը ներկայացուին անվճար փոխանակման տրուող շուրջ երեք տասնեակ գիրքեր: Ծրագրի աւարտէն յետոյ կ՚ընտրուին գործօն եւ լաւագոյն ընթերցողները, որոնք կը ստանան խրախուսական տարբեր մրցանակներ, օրինակ՝ լաւագոյն ընթերցողներու շնորհիւ տնակ-գրապահարանները վեց ամիսով կը հիւրընկալուին անոնց դպրոցներուն մէջ՝ ուսումնական տարուան ընթացքին եւս ապահովելով աշխոյժ գրական միջավայր։ Ծրագրին մէջ առանցքային դեր ունի գրախանութներուն աջակցիլը՝  ներկայացնելու մանկապատանեկան գրականութեան նորութիւնները, հայ եւ համաշխարհային դասական եւ ժամանակակից հեղինակներու, ամրապնդելու հրատարակչութիւն-ընթերցող-գրախանութ կապը՝ ներկայացնելով գրախանութը որպէս մշակութային եւ ընտանեկան ժամանցի միջավայր:

-Ինչպիսի՞ն էր արձագանգը ծրագրի ծայր առած ժամանակ եւ հիմա։

-Դրական արձագանգեցին թէ՛ ընթերցողները եւ թէ ծնողները: Այդ տարիներուն հանդիպած կամ, կարելի է ըսել, բացայայտած ենք այնպիսի մասնակիցներ, որոնք ընտանեօք կը կարդան գիրքերը եւ ապա կը փոխանակեն, այսինքն՝ «Ամառնային ընթերցանութիւն»ը դարձած է  ընտանեկան ժամանցի մաս:

-Ի՞նչ հնարաւորութիւններ կ՚ընձեռէ «Ամառնային ընթերցանութիւն» ծրագիրը:

-Ծրագիրը երեխաներուն հնարաւորութիւն կու տայ ամառնային արձակուրդը անցընել գրական-մշակութային աշխոյժ միջավայրի մէջ, զարգացնել հաղորդակցական  եւ վերլուծական ունակութիւնները: Ան նաեւ նոր ընկերներ ձեռք բերելու անմիջական միջավայր է: Պէտք է յաւելենք, որ նոր ուսումնական տարիին երեխաները կը սկսին հարուստ գրական պաշարով, միեւնոյն ժամանակ պահանջկոտ ու ընթերցասէր աշակերտներու կարգավիճակով:

Երեխաները, իսկապէս, կ՚ընկերանան գրական հերոսներու հետ, գիրքը աւելի իրական կը դառնայ եւ զանոնք կը դարձնէ ընթերցասէր: Բացի այդ՝ շատ հետաքրքրական եւ ուրախալի է դիտել, թէ ինչպէս անոնք ծրագրի ընթացքին միտքեր կը փոխանակեն սիրուած գրքերէ, խորհուրդներ կու տան, թէ ինչ կարդալ եւ այդպէսով ձեռք բերել ընթերցասէր ընկերներ, որոնք կը կիսեն նոյն հետաքրքրութիւնները:

-Ինչպէ՞ս դառնալ ծրագրի մասնակից:

-Մասնակցութեան պայմանները շատ պարզ են. իւրաքանչիւր այցելու, ծրագրի գործընկեր որեւէ գրախանութէ ձեռք բերելով ծրագրին մէջ ընդգրկուած ընդամէնը մէկ գիրք, կը դառնայ ծրագրի մասնակից: Ան կը ստանայ ընթերցողի քարտ, որն ալ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ,  անվճար փոխանակելով ծրագրի` տնակ-գրապահարաններուն մէջ ներկայացուած աւելի քան երեք տասնեակ գիրք, կարդալ զանոնք:

Ընթերցողը ինք կ՚որոշէ, թէ ո՛ր պահուն մօտենայ տնակ-գրապահարանին եւ կատարէ հերթական փոխանակումը՝ սկսելով նոր արկածային ճամբորդութեան մը. չկայ պարտադրանք, երեխան կը կարդայ իր նախասիրած գիրքը:

-Ի՞նչ գիրքեր  ներառուած են ծրագրին մէջ,  եւ արդեօք ամէն տարի  գիրքերու ցանկը կը փոխուի՞: Ինչպէ՞ս կը կատարէք գիրքերու ընտրութիւնը:

-Ծրագրին մէջ ներառուած են «Զանգակ» հրատարակչութեան վերջին տարիներուն  հրատարակած այն գիրքերը, որոնք մեր մասնագէտներու կարծիքով այդ տարիքի երեխաներու հետաքրքրութեան շրջանակներուն մէջ են: Ամէն տարի կը փորձենք ծրագիրը համալրել նոր հրատարակութիւններով. այս տարի ծրագրին մէջ ընդգրկուած է երեք տասնեակէ աւելի գիրք, իսկ ընթացքին կ՚աւելնայ երկու նոր հրատարակութիւն` Ֆրենսիս Հոկսըն Պէօռնըթի «Խորհրդաւոր պարտէզը» եւ Քրիստին Նէօսթլինկէրի «Պատմութիւններ Ֆրանցի մասին» գիրքերը: Ընթերցողները ունտն  բաւականին մեծ ընտրութիւն. ծրագրի շրջանակին մէջ կրնան ընթերցել հայ եւ համաշխարհային մանկագիրներու գիրքերը:

- Ովքե՞ր են այս տարուան ծրագրի մասնակիցները, քանի՞ տարեկան են անոնք:

-Այս պահուն ծրագիրը ունի շուրջ 300 մասնակից, որոնք աշխոյժ կ՚ընթերցեն, կը փոխանակեն եւ կը կիսեն իրենց կարծիքներն ու տպաւորութիւնները՝ սպասելով մեր հերթական հանդիպման: Ուրախալի է, որ ծրագրի մասնակիցներու մէջ կան նաեւ երեխաներ, որոնք տակաւին կարդալ չեն գիտեր, սակայն ծնողներու օգնութեամբ կը ծանօթանան գրքերուն եւ աշխոյժ կը մասնակցին միջոցառումներուն: Այնպէս որ, մասնակիցներու տարիքային շեմը նշելը քիչ մը բարդ է: Ծրագիրը ընթացքի մէջ է Երեւան, Աբովեան, Կիւմրի, Դիլիջան, Էջմիածին, Հրազդան, Ստեփանակերտ, Վանաձոր քաղաքներուն մէջ:

Շաբաթ, Յունիս 30, 2018