ԹՐԱՄՓ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ՀԵԼՍԻՆՔԻԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻՆ 16 ՅՈՒԼԻՍԻՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին 16 յուլիսին հանդիպում մը պիտի ունենան Հելսինքիի մէջ։ Մինչ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ կը տիրեն տարաձայնութիւններ՝ երկու ղեկավարներու հանդիպման կը սպասուի հետաքրքրութեամբ։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Թրամփ-Փութին հանդիպումէն առաջ հաւանաբար տեսակցին ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները՝ Մայք Փոմփէօ եւ Սերկէյ Լաւրով։

Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գան ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու ընթացիկ վիճակն ու ապագայ զարգացման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերը։ Ռուսաստանի նախագահի դիւանագիտական հարցերով գլխաւոր օգնական Եուրի Ուշաքով յայտնեց, որ Թրամփի եւ Փութինի հանդիպումը նախատեսուած է դէմ առ դէմ։ Տեսակցութիւնը կը տեւէ քանի մը ժամ, շեշտը կը դրուի երկկողմանի յարաբերութիւններուն, Սուրիոյ իրավիճակին եւ զինաթափման հարցերուն վրայ։ Չի բացառուիր, որ Թրամփ եւ Փութին հանդէս գան համատեղ յայտարարութիւնով մը՝ երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ միջազգային ասպարէզի համատեղ գործողութիւններուն շուրջ։

CNN հեռուստակայանի հաղորդումներով, Թրամփ կը փափաքի Փութինի հետ գործարք մը կնքել Սուրիոյ հարցին շուրջ։ Ամերիկացի ղեկավարի թիրախին կը գտնուի Սուրիոյ հարաւ-արեւմուտքի բացառիկ նշանակութեամբ գօտին։ Սա հնարաւորութիւն կրնայ ընձեռել, որ ԱՄՆ հնարաւորինս շուտ դուրս գայ այդ երկրէն։ Ըստ նոյն աղբիւրին, Թրամփ պատրաստ է, որ վերոյիշեալ շրջանը զբաղեցնեն Սուրիոյ կառավարական զօրքերը։

Տանըլտ Թրամփ ամերիկեան զօրքերը Սուրիայէն հնարաւորինս արագ դուրս բերելու մտադրութեան մասին յայտնած էր Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորի հետ ունեցած հանդիպման ժամանակ։ Տանըլտ Թրամփ Վլատիմիր Փութինէն երաշխիքներ պիտի պահանջէ, որպէսզի Սուրիոյ այդ հատուածէն ներս գտնուող եւ ԱՄՆ-ի աջակցութենէն օգտուող ապստամբներու զանգուածային սպանութիւններ չկատարուին, անոնք կարենան դադրեցնել մարտական գործողութիւնները եւ հեռանալ այնտեղէն։ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը կ՚ակնկալէ նաեւ այդ նոյն շրջանէն հեռացումը այն ուժերուն, որոնք Իրանի աջակցութիւնը կը վայելեն։

ԱՄՆ ներկայիս տնտեսական պատժամիջոցներ կը գործադրէ Ռուսաստանի դէմ։ 

Շաբաթ, Յունիս 30, 2018