ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐ

Սուրիացի մասնագէտներ Հայաստանի մէջ իրենց ստացած ձեռագրերու եւ փաստաթուղթերու պահպանման եւ վերականգնման հմտութիւնները լայնօրէն կ՚օգտագործեն իրենց մշակութային արժէքները փրկելու համար: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ յունիսի 26-ին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ծրագրի շրջանակին մէջ Հայաստան եկած եւ Մատենադարանի աշխատակիցներու կողմէ դասընթացք ստացած սուրիացիները աւարտեցին զայն եւ ստացան իրենց վկայագրերը:

«Այս դասընթացքը անգամ մը եւս կ՚ապացուցանէր, որ մշակոյթը չունի ո՛չ ազգութիւն, ոչ սահման: Դասընթացքը անցաւ շատ աշխոյժ, եղան հետաքրքրական հարց ու պատասխաններ», ըսած է Երեւանի Մաշտոցի անուան Մատենադարանի վերականգնման բաժնի վարիչ Գայիանէ Էլիազեան ու յաւելեց, որ իրարու հետ եղած են հարազատներ։ Կ՚ուզէինք, որ դասընթացքը աւելի երկարատեւ ըլլար։

Մասնակիցներէն Սէէպա Տապուլ, որ կ՚աշխատի Դամասկոսի ամենամեծ մզկիթին մէջ, նշած է, որ իր աշխատավայրէն ներս կան բազմաթիւ գիրքեր ու մագաղաթներ, սակայն մինչեւ Հայաստան գալը, ինք չէ հասկցած, թէ զանոնք ինչպէս ճիշդ կը վերականգնէ։ «Այս հինգ օրուան ընթացքին սորված եմ նոր մեթոտներ՝ թուղթերու վերականգնման գործին մէջ քիմիական նիւթ պէտք չէ կիրառել, այլ՝ բոյսեր», ըսած է ան ու աւելցուցած է, որ Սուրիա վերադառնալուն պէս պիտի օգտագործէ զանոնք:

Իր կարգին, Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան անդրադարձած է, թէ առաջին անգամը չէ, որ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ծրագրի շրջանակին մէջ շատ լաւ համագործակցութիւն հաստատած են:

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Հայաստանի ազգային յանձնաժողովի գլխաւոր քարտուղար Վահրամ Կաժոյեանն ալ նշած է, որ Հայաստան մշտապէս իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է՝ Սուրիոյ պատմամշակութային արժէքներու պահպանման եւ վերականգնման հարցին մէջ ու այս դասընթացքը այդ մէկուն վառ ապացոյցն էր:

Յունիսի 22-ին սկսած դասընթացքը կազմակերպուած էր ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «Սուրիոյ մշակութային ժառանգութեան անյապաղ պաշտպանութեան» ծրագրի շրջանակին մէջ:

Շաբաթ, Յունիս 30, 2018