«ԳՈՒՆԵՂ ՀՈՎԱՆՈՑՆԵՐ»

Գունեղ հովանոցներ, լուսաւորութեան նոր համակարգ. Նոր Նորք վարչական շրջանը նոր շունչ կը ստանայ։ Այսպէս, Երեւանի Նոր Նորք վարչական շրջանի երկրորդ բաժնի շատրուաններու այգիին կից հատուածին մէջ նորարար լուծումներով ստեղծուած ճեմուղին նոր շունչ ու նոր երանգ կը հաղորդէ տարածքին:

«Արմէնփրէս»ի թղթակից Լիլիթ Դեմուրեանի հետ զրոյցի ընթացքին՝ այս մասին յայտնեց Նոր Նորք վարչական շրջանի ղեկավար Յովհաննէս Մանուկեան։

«Վարչական շրջանին մէջ մենք ստեղծած ենք գունեղ հովանոցներով ձեւաւորուած ճեմուղի, որ նոր երանգ կը հաղորդէ տարածքին՝ ստեղծելով հաճելի եւ ուրախ տրամադրութիւն: Այդ ճեմուղին ստեղծուած է իմ նախաձեռնութեամբ եւ ընկերներուս աջակցութեամբ: Նոր Նորքի չորրորդ հատուածին մէջ ունինք Թումանեան այգի, որ ունի մօտաւորապէս 2500 քիլօմեթր տարածութիւն, նաեւ այդ այգիին յարակից կայ տարածք մը, որ նոյնպէս 2500 քիլօմեթր է, սակայն շէնքերու բնակիչները կ՚օգտագործէին այդ հատուածը, ուր չորցած ծառեր կային եւ աղբ: Բնակիչներու հետ համաձայնեցանք, որպէսզի քանդենք իրենց կողմէ օգտագործուող այդ տարածքները եւ կառուցենք նոր այգի: Այդ երկու տարածքները միացան իրարու եւ դարձան ամբողջական այգի մը», նշեց Յովհաննէս Մանուկեան:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ իր նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ մի քանի տնտեսավարողի ներդրումներու շնորհիւ Գայի պողոտայի երկու խաչմերուկներուն տեղադրուած են ժամանակակից լուծումներով լետ լուսաւորութեան համակարգեր:

«Նմանատիպ լուսաւորութիւնը իր տեսակին մէջ առաջին անգամ իրականացուած է այս նախաձեռնութեամբ եւ ան պիտի ունենայ շարունակական բնոյթ», ըսաւ Նոր Նորքի ղեկավարը։

Նոր Նորքի չորրորդ հատուածի շէնքերէն մէկուն բնակիչներու նախաձեռնութեամբ եւ թաղապետարանի աջակցութեամբ քանդուած է 12 ինքնաշարժի տնակ եւ այդ տեղը վերածուած է կանաչ գօտիի։

Նոր Նորքի մէջ վերջին երկու ամսուան ընթացքին Յովհաննէս Մանուկեանի ու բնակիչներու միջեւ քննարկումներու արդիւնքին շէնքերու մէջ փակուած է 15 աղբամուղ։

«Աղբամուղերը բազմաբնակարաններու սեփականատէրերու տնօրինութեան տակ են, սակայն, փակուող աղբամուղերու փոխարէն շէնքի մօտակայքին տեղադրուած են եւ կը տեղադրուին անհրաժեշտ թիւով նոր աղբարկղներ», ըսաւ Մանուկեան։

Ան նաեւ շեշտեց, որ 2019 թուականին Նոր Նորք վարչական շրջանի բազմաբնակարան շէնքերուն մէջ փոխուած է երկու վերելակ, իսկ ընթացիկ տարուան ընթացքին՝ 59-ը:

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2020