ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԵՐԷԿ ԴԱՐՁԵԱԼ ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Թուրքիա միշտ կ՚արձանագրէ վերիվայրումներ։ Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ երէկ երեկոյեան հրապարակուած վիճակագրական վերջին տուեալներով յայտնի դարձաւ, որ նոր դէպքերու թիւը դարձեալ բարձրացած է։

Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 51 հազար 14 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1374 նոր վարակեալ։ Երէկուան դրութեամբ եւս 18 հոգի զոհ գնաց համաճարակի եւ նոյն ժամանակաշրջանին առողջացածներու թիւը եղաւ 1214։

Նախարար Ֆահրետտին Քոճա այս տուեալներու հիման վրայ տեղեկացուց, որ հիւանդանոցներու մէջ դարմանման տակ առնուած եւ հիւանդանոցներէ դուրս եկած անձերու թիւը հաւասարակշռութեան մէջ է։ Խտացեալ խնամքի պարագաներու յաւելումը բնականոն մակարդակի վրայ է։ Ֆահրետտին Քոճա շեշտեց, որ նոր դէպքերը կանխելու ուղղութեամբ բաւարար վճռակամութիւն չի ցուցաբերուիր եւ նախազգուշական միջոցներու ուղղութեամբ ուշադրութիւնը նուազ է։

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2020