ԱՄՆ ՆՈՐ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻՆ ՀԱՄԱՐ

Ուաշինկթընի կողմէ նոր համանախագահ մը նշանակուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին համար։ Այսպէս, վերջին տարիներուն այդ դիրքը զբաղեցուցած Էնտրու Շեֆըրին կը յաջորդէ Լորա Հոչլա, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութենէն ներս Կովկասի եւ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու հարցերով գրասենեակի տնօրէնն է։

Ան նշանակուելէ անմիջապէս վերջ փորձած է կապ հաստատել միւս համանախագահներուն հետ։ Ռուս համանախագահ Իկոլ Խովայեւ մերժած է այդ շփումը, իսկ ֆրանսացի համանախագահ Պրիս Ռոքֆէօյ զրուցած է իր պաշտօնակցին հետ։

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2022