ԱՄՈՒՐ ՈՂՆԱՅԱՐ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը թրքահայութեան վրայ բացուած պատուհան մըն է։ Անոր առաքելութիւնն ու սպասարկութիւնները այդ պատուհանէն կը ցոլացնեն՝ մարդասիրութիւն, համակեցութիւն, զոհողութիւն, նուիրում, զօրակցութիւն, կարեկցանք։ Այլ խօսքով՝ այդ պատուհանի տեսարանին վրայ կ՚երեւին արժէքներ, որոնք թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի ողնայարը կը կազմեն։ Ուստի, հիւանդանոցի երթը որքան ամուր ըլլայ՝ համայնքի ողնայարն ալ այնքան կ՚ամրանայ։

(վերջ այս շարքի)

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2022