ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՆՈՐ ՊԱՏԿԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ՝ Մատրիտի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը։ Շուրջ 70 վայրկեան տեւեց ղեկավարներուն զրոյցը, որու ընթացքին Պայտըն դրուատիքով արտայայտուեցաւ պատերազմական իրավիճակին մէջ Ուքրայնայէն հացահատիկի դուրսբերման Թուրքիոյ ջանքերը։ Էրտողան-Պայտըն հանդիպումը այս գագաթաժողովի ծիրէն ներս անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ՝ մինչ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու տեսակէտէ ալ ունեցաւ մեծ նշանակութիւն։ Նախագահ Էրտողան Մատրիտի մէջ ունեցաւ նաեւ այլ երկկողմանի հանդիպումներ, իսկ Պայտընի հետ տեսակցութեան ընթացքին իր կողքին էին՝ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան, Հաղորդակցութեան բաժանմունքի պետ Ֆահրետտին Ալթուն, իր բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն եւ այլ պաշտօնատարներ։ Պայտընի կողքին էին՝ ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն, Պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին, իր Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը՝ Ճէյք Սալըվըն, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտ եւ այլ պաշտօնատարներ։

ՆԱԹՕ-ի Մատրիտի գագաթաժողովը եկած է ուրուագծել Եւրոպայի նոր պատկեր մը։ Արդարեւ, Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ, սա եղաւ վերջին տասնամեակներու կտրուածքով ամենակարեւոր գագաթաժողովը։

Դաշինքը ունեցաւ շատ կարեւոր ընդլայնում մը՝ քանի յառաջիկային Շուէտն ու Ֆինլանտիան պիտի անդամակցին պաշտօնապէս։ Թուրքիոյ կողմէ անոնց դէմ դրուած վեթոյի ջնջուիլը մեծ առաւելութիւններ ապահովեց ՆԱԹՕ-ին։ Միջազգային աղբիւրներու մեկնաբանումներուն մէջ ալ արդէն կ՚ընդգծուին Անգարայի ձեռքբերումները։ Շուէտն ու Ֆինլանտիան նոյնիսկ երբեմնի Խորհրդային Միութեան տարիներուն նախընտրած էին մնալ չէզոք, չէին փափաքած անդամակցիլ դաշինքին։ Այժմ, Ուքրայնայի դէմ Ռուսաստանի հրահրած պատերազմը այնպիսի իրավիճակ մը ստեղծած է, որ Սթոքհոլմ եւ Հելսինքի աւելի արմատական նախընտրութիւն մը ըրած են՝ հաւանական սպառնալիքներու դէմ։

Միջազգային վերլուծաբաններ կը մատնանշեն, որ Եւրոպայի այս նոր պատկերը բաւական խնդրայարոյց է Մոսկուայի տեսակէտէ։ Արդարեւ, Ռուսաստան արդէն անմիջական հարեւանութեամբ դէմ յանդիման կը մնայ ՆԱԹՕ-ի հետ՝ ի դէմս Շուէտի եւ Ֆինլանտիոյ։ Ցամաքէն աւելի քան հազար քիլօմեթր երկարութեամբ սահման մը կը գոյանայ Ռուսաստանի եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ։ Ծովէն ալ այնպիսի կացութիւն մը յառաջացած է, որ Ռուսաստանի երկրորդ քաղաքը՝ Սեն Փեթերսպուրկ որոշ պարագաներու մէջ խոցելի կրնայ դառնալ։ Այս բոլորը ռազմական ու ռազմավարական հաւասարակշռութիւններու առումով աննախընթաց իրավիճակ մը կ՚ենթադրէ։ Ռուսաստան պէտք է բազմապատկէ իր ծախսերը՝ այս նոր իրավիճակին համահունչ քայլեր առնելու համար՝ մինչ ԱՄՆ կը պատրաստուի Եւրոպայի մէջ յաւելեալ զօրքեր կուտակել։

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2022