ԸՄԲԻՇ ՍՈՒՐԷՆ ԱՂԱՋԱՆԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Հայաստանէն յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Սուրէն Աղաջանեան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան։ Հռոմի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Եւրոպայի մինչեւ 20 տարեկաններու Եւրոպայի առաջնութիւնը։ Սուրէն Աղաջանեան բացառիկ յաջողութիւն մը արձանագրած է այս մրցաշարքի ծիրէն ներս։ Կը հաղորդուի, որ եզրափակիչ փուլին ան 4-0 հաշուով առաւելութեան հասած է իր մրցակցին՝ Տիմիթրի Խաչիծէի (Վրաստան) դիմաց՝ նուաճելով ոսկէ մետայլ։

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2022