ԻՐԱՔԻ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ ԱՆՈՐՈՇ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաղտատը նուաճելու 19-րդ տարելիցի առթիւ, որ կը զուգադիպէր 9 ապրիլին, հրապարակուեցան բազում վերլուծութիւններ, որոնք լոյսին կը բերեն այդ ահաւոր պատերազմին տուն տուող պատճառները, զայն նախաձեռնողներուն յետին նպատակները եւ Իրաքի այսօրուան ընդհանուր իրականութիւնը։ Այս առումով ալ ամբողջ աշխարհին համար արդէն աւելի քան պարզ դարձած է, որ Իրաք ներխուժելու ԱՄՆ-ի միտումներուն տուն տուող հիմնական պատճառը, որ կը վերաբերէն զանգուածային զէնքերու Իրաքի մէջ գոյութեան, ընդամէնը ստապատիր վարկած մըն էր։ Եւ այսպէս պատերազմի կանաչ լոյսը վառելէն ետք ԱՄՆ եւ իր գլխաւոր դաշնակիցը՝ Մեծն Բրիտանիան երեք շաբաթ ծանրօրէն Իրաքի գլխաւոր քաղաքները հարուածելէ ետք կարողացան իրենց տիրապետութեան տակ առնել մայրաքաղաք Պաղտատը։ Այդ թուականը սեւ էջ մը բացաւ Իրաքի պատմութեան մէջ, որու հետեւանքով արձանագրուեցան աւելի քան մէկ միլիոն նահատակ, հարիւր հազարաւոր վիրաւորներ, բազմաթիւներ գաղթական դարձան, եղան նաեւ նիւթական ահռելի վնասներ:

ԱՄՆ-ի Իրաքը գրաւումէն ետք, երկիրը թեւակոխեց քաղաքական եւ անվտանգութեան անկայունութեան փուլ եւ ականատես եղաւ հազարաւոր ահաբեկչական պայթումներու, որոնք խլեցին տասնեակ մարդոց կեանքեր։ Նաեւ այս վատ պայմաններու պատճառաւ յառաջացան աւերուածութիւններ ու տեղահանութիւններ: Այս բոլորին զուգահեռ, անկլօ-ամերիկեան գրաւումի շրջանին մէջտեղ եկան ահաբեկչական արմատական խմբաւորումներ, որոնց ամենէն հանրաճանաչն էր «Էլ Քաիտէ» շարժումը, որ աւելի վերջ «ձեւափոխուեցաւ» եւ անկէ ճիւղ մը կրելով ԻՇԻՊ («Իրաք Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) անունը դարձաւ տիրական ներկայութիւն ո՛չ միայն Իրաքի, այլեւ՝ Սուրիոյ եւ Մերձաւոր Արեւելքի զանազան երկիրներու մէջ։

Աւելի վերջ Մեծն Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Թոնի Պլէյր, որ ԱՄՆ-ի նախկին նախագահներէն Ճորճ Պուշ կրտսերի հետ ղեկավարած էր Իրաքի պատերազմը, կը խոստովանէր (2015), որ Իրաքի դէմ պատերազմելու եւ այդ երկիրը գրաւելու Ուաշինկթընի որոշումը, որուն աջակցած էր Բրիտանիան, սխալ որոշում էր: Ան կ՚ընդունէր, որ Իրաք ներխուժումը տեղի տուաւ ԻՇԻՊ-ի աճման եւ զարգացման։

Իր հերթին, Իրաքի պատերազմի օրօք ԱՄՆ-ի նախկին պետական քարտուղար Քոլին Փաուըլ, որ Իրաք ներխուժելու միտուած ամերիկեան կեղծ մեղադրանքներուն «կնքահայր»ն էր, պատերազմէն տարիներ ետք կ՚ընդունէր, որ ՄԱԿ-ի մէջ իր երկրին ներկայացուցած Իրաքի ենթադրեալ զանգուածային ոչնչացման զէնքի մասին զեկոյցի պաշտպանութիւնը «ամօթալի բիծ» մըն էր իր քաղաքական կեանքին մէջ եւ որ մեծ ցաւ պատճառած էր իրեն։ Իսկ 2020 թուականին, ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ «New York Post»ին տուած հարցազրոյցին մատնանշած է, որ 2003-ին Իրաք ներխուժելը Ամերիկայի պատմութեան ամենավատ որոշումն էր եւ այդ մասին մասնաւորապէս ըսած՝ «Ամենավատ որոշումին վրայ ծախսած ենք 8 միլիառ տոլար»:

Իրաքի պատերազմին մասին խօսելով տարբեր վերլուծողներ դիմած են այն մամլոյ հաղորդագրութիւններուն, որոնք կը հաստատէին, թէ Իրաքը գրաւելու ԱՄՆ-ի եւ Անգլիոյ կառավարութիւններու խանդավառութեան իրական պատճառը Իրաքի նաւթային հարստութեան տիրանալն էր։ Ըստ այդ հաղորդագրութիւններուն, Իրաքը գրաւելու որոշման ետին կանգնած ուժերը եղած են ամերիկեան խոշոր նաւթային ընկերութիւնները. ինչպէս՝ «Halliburton Oil Group»ը: Նոյն վարկածին մասին խօսած են նաեւ բրիտանական կառավարութեան գաղտնի փաստաթուղթերը։

Իր կարգին, Իրաքի «Ալ Հալ» կուսակցութեան նախագահ տքթ. Ժամալ Ալ Քարպուլի, որ օրերս ոգեկոչած է ԱՄՆ-ի ուժերու Իրաք ներխուժման եպերելի օրը՝ մասնաւորապէս ըսած է. «19 տարի ետք, տակաւին Պաղտատը նուաճելու տարելիցը խոր վէրք կը ձգէ մարդկային խիղճին վրայ, այն օրն էր, երբ սկսաւ Իրաքը մասնատելու ու աւերելու ծրագիրը»: Ալ Քարպուլի աւելցուցած է. «Այսօր մենք աւելի կարիքը ունինք ազգային ծրագրի մը, որ կը վերամիաւորէ Իրաք հայրենիքը հեռու որեւէ այլ անուանումներէ»:

Իսկ Իրաքի նաւատորմի հրամանատար, թոշակառու Իմատ Ալոյի կողմէ մամուլին տրուած յայտարարութիւններուն մէջ կը նշուի, որ իրաքցիները կը յիշեն Ուաշինկթընի գործած յանցագործութիւնները. ինչպէս՝ ամերիկեան անվտանգութեան «Black water» ընկերութեան կատարած խախտումները Պաղտատի Ալ Նըսուր հրապարակին վրայ, երբ տասնեակ անմեղ մարդիկ զոհուեցան: Իրաքցիները չեն կրնար մոռնալ ամերիկացի զինուորներու կատարած վայրագութիւնները Պուքա եւ Ապու Ղրէյպ բանտերու, նաեւ այլ  քաղաքներու մէջ:

Պաղտատի բռնագրաւումէն 19 տարի ետք, դեռ Իրաքի ներխուժումը «ամօթալի բիծ» կը մնայ ԱՄՆ-ի եւ անոր արեւմտեան դաշնակիցներու պատմութեան մէջ, որ լեցուն է պատերազմներով, այլ երկիրներու ներքին գործերու միջամտութեամբ, տագնապներ ստեղծելով, պատժամիջոցներ կիրառելով, ահաբեկչութեան աջակցելով ու հովանաւորելով զանոնք ուղղել դէպի այն երկիրները, որոնք չեն ենթարկուիր իրենց քմահաճոյքներուն, ինչպէս եղաւ Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի այլ երկիրներու պարագային։

ՆԵՐԿԱՅ ԱՆՄԽԻԹԱՐ ՎԻՃԱԿԸ

Իրաւացի է, որ պատերազմի սկիզբէն 19 տարի անց Իրաք կը շարունակէ մնալ թէժագոյն զարգացումներու, իրարանցումի, քաղաքական ու մանաւանդ ապահովական քաոսի կիզակէտին վրայ։

Երկրին մէջ քաղաքական բազմապիսութիւնը, ազդեցութիւններու գօտիներու ընդլայնուած պատկերը, փոխզիջումի ներկայութիւնը եւ տարակարծութիւններու կուտակումը, այսօր ալ Պաղտատը դրած են ներքին արիւնահոսութեան վտանգաւոր փուլին առջեւ։

Ներսիւննիական ազդեցիկ ներկայութեան պակասը եւ միւս կողմէ Իրանի կողմէ առկայ հետաքրքրութեան սլացիկ ընթացքները ստեղծած են քաղաքական անել կացութիւն մը, եւ արդէն մասնաւորապէս վերջին տարիներուն պարզէ աւելի պարզ սկսած է դառնալ, որ ներքին անհամաձայնութիւններու եւ յստակ «իրաքեան արեւելում» մը չըլլալու պատկերը երկիրը ամէն առիթի կրնան առաջնորդել նոր տագնապալի դրոյթներու, որոնց վերջը, կամ յոյսի պատուհանը ցարդ չ՚երեւիր։

Յստակ է նաեւ, որ նաւթի «տիրապետութեան» ժամանակներուն Իրաքի նաւթի յառաջատար ուժ մը ըլլալու փաստը մարսելի չէ ո՛չ միայն սէուտցիներուն, այլ նաեւ իրանցիներուն համար։ Այդ ուժերը արդէն երեւելի կերպով ո՛չ միայն կը միջամտեն այդ վիրաւոր երկրի ներքին գործերուն, այլ նաեւ կը սատարեն, որ այդտեղ առկայ տարակարծութիւնները աւելիով աճին եւ տեղ ստեղծեն նոր ընդհարումներու։

Իրաքի խնդիրը մէկն է այսօր. ունենալ կեդրոնաձիգ հզօր կառավարութիւն, որ մէկդի պիտի դնէ առկայ վէճերը եւ լծուի երկրի քաղաքական-ապահովական համակարգը ամբողջապէս նորոգելու իրական գործին։ Այլապէս եթէ պատկերը այս հունով մնայ, տակաւին երկար ժամանակի վրայ ականատես պիտի ըլլանք նոր պատերազմներու եւ Իրաք անունը պիտի դառնայ նոր հոմանիշ մը պատերազմական քաոս բառին։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2022