ՄՀԵՐ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԵՐՁԵՑՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտարարեց, որ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու եռակողմանի աշխատանքային խումբը յաջողած է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերով ապահովել դիրքորոշումներու մերձեցում։ Ռուսական աղբիւրները վերջին օրերուն տեղեկացուցած էին, որ Մոսկուա նպաստած է Երեւանին եւ Պաքուին, որպէսզի «Զանգեզուրի միջանցք» կոչուած խնդրին շուրջ յառաջխաղացում արձանագրուի։

Իր կարգին, Մհեր Գրիգորեանն ալ ռուսական «ԹԱՍՍ» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ տեղեկացուցած է, որ աշխատանքային խումբը կարողացած է դիրքորոշումները մերձեցնել բազմաթիւ հարցերու շուրջ՝ մասնաւորապէս սահմանային ու մաքսային հսկողութեան վերաբերեալ։

«Շինիչ կը համարեմ Հարաւային Կովկասէ ներս փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման եռակողմանի աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը։ Սա, ի հարկէ, բարդ աշխատանք է, բայց պէտք է նշեմ, որ կողմերը կը յաջողին մօտեցնել իրենց դիրքորոշումները սահմանային ու մաքսային հսկողութեան բազմաթիւ հարցերու շուրջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքներով՝ ճանապարհներով կամ երկաթուղիով քաղաքացիներու, բեռներու եւ փոխադրամիջոցներու անվտանգ անցնման հարցերուն մէջ։ Այս պահուն փորձագիտական ենթախումբերը կը շարունակեն ճանապարհային ու երկաթուղային ենթակառուցուածքներու վերականգնման ու ապագայ օգտագործման վերաբերեալ հարցերու մշակումը», ըսաւ փոխ-վարչապետը։

Հինգշաբթի, Յունիս 30, 2022