Չորեքշաբթի 14, Մայիս 2025
ԶՕՐԱՎԱՐ ՏԱՆՖՈՐՏԻ ԱՅՑԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Տանֆորտ վաղը շփումներ պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ։ Ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորականին այցելութիւնը կը զուգադիպի այնպիսի շրջանի մը, երբ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ կ՚ապրուին դժուարութիւններ, որոնք երկկողմանի ռազմավարական համագործակցութեան բոլոր բնագաւառներուն վրայ ազդեցութիւն կը գործեն։
Շաբաթ, Յուլիս 30, 2016