«ԴԷՊԻ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԵՒՐՈՏԵՍԻԼ»

Ամիսներ առաջ Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը յայտարարեց նոր նախագծի՝ «Դէպի մանկական Եւրոտեսիլ»ի մեկնարկը: Երկու ամիս շարունակ ստեղծագործական խումբը կը ստանար տասնեակ յայտեր, ինչպէս Հայաստանէն, այնպէս ալ արտերկրէն: Լսումներու արդիւնքին ընտրուեցան նախագծի մասնակիցները, եւ այժմ յայտնի են այն պատանիներու անունները, որոնք նախագծի շրջանակէն ներս հեռուստադիտողի եւ միջազգային դատակազմի դատին կը յանձնեն իրենց հեղինակային երգերը: Այս մասին «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցին Առաջին ալիքի հասարակութեան հետ կապերու բաժնէն:

«Դէպի մանկական Եւրոտեսիլ» նախագծին մէջ կը մրցին հետեւեալ մասնակիցները՝ Անահիտ Առաքելեան, Աննա, Անի Մնացականեան, Արփի, Գոռ X, Էլիզա, Էրիք Անտոնեան, L.E.V.O.N., Յարութ Յարութիւնեան, Լիանա, Լիլի, Սիլվա Գրիգորեան, Մարիա Պետրոսեան, Մելիսա, Վարդան Մարգարեան, Նարէ Էլիզպարեան, Սաթի, Սերժ Առաքելեան, Վահագն Մեսրոպեան, Վովա, «Սեկունդա», «1+1» եւ «Իւրայատուկ»:

Մասնակիցներու մրցութային երգերը կը հրապարակուին օգոստոսին՝ նախագծի եութուպի էջին վրայ:

«Դէպի մանկական Եւրոտեսիլ» նախագծի երկու՝ կիսաեզրափակիչ եւ եզրափակիչ համերգային ծրագրերը կը հեռարձակուին Առաջին ալիքով, սեպտեմբերին:

Բաց աստի, այս տարի «Մանկական Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթը տեղի կ՚ունենայ Սպիտակ Ռուսիոյ մայրաքաղաքը՝ Մինսքի մէջ, յառաջիկայ նոյեմբերի 25-ին:

Երկուշաբթի, Յուլիս 30, 2018