ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Երեւանի մէջ բացուեցաւ նկարչուհի Յասմիկ Գասպարեանի «Սկիզբ» խորագրեալ անհատական ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած են իր 18 աշխատանքները: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՚արտացոլացնէ նկարչուհիի յոյզերը, ապրումները, տրամադրութիւնները:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, բացման հանդիսութեան ընթացքին արտայայտուեցաւ նկարչուհին։ «Ցուցադրուած կտաւներու մեծ մասը ստեղծուած է տասը տարի առաջ: Տարիներու ընթացքին իմ ձեռագիրը չէ փոխուած, սակայն, հոգեվիճակի փոփոխութիւններու արդիւնքին այլ երանգներ ստացած է: Պէտք է խոստովանիմ, որ ինծի հաճելի կը թուի կեանքիս բարդ փուլին ստեղծած գործերս: Դժուարութիւնները յաղթահարելով՝ կարծես, աւելի մեծ ուժ կը ստանամ եւ հետաքրքրական, խոր աշխատանքներ կը ստեղծեմ», ըսաւ Յասմիկ Գասպարեան։ Ան շեշտեց, որ բաւականին մեծ ընդմիջումներով կը նկարէ. կ՚ըլլան շրջաններ, երբ առհասարակ կը դադրի ստեղծագործելէ:

Այս մէկը նկարչուհիի երրորդ անհատական ցուցահանդէսն է, բայց ան կը մտածէ, որ ինք տակաւին սկիզբն է: «Ըստ իս՝ սա ընդամէնը հաճելի փորձ մըն է: Կը կարծեմ, որ շատ ընելիքներ ունիմ եւ չեմ օգտագործած իմ ամբողջ ներուժը», եզրափակեց Յասմիկ Գասպարեան:

Ցուցահանդէսին ներկայ էին նկարչուհիի հարազատները, ընկերները եւ արուեստի սիրահարներ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 30, 2018