ՄԱԹԱՐԵԼԼԱ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ, Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլա երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Պետական այցելութեան ընթացքին հիւր նախագահին կ՚ընկերանայ դուստրը՝ Լաուրա Մաթարելլա։ Իրեն ուղեկից պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Իտալիոյ Արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Էնցօ Մուավերօ Միլանեսի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Նախագահ Մաթարելլա Երեւանի մէջ պաշտօնական արարողութիւնով մը կը դիմաւորուի Արմէն Սարգսեանի կողմէ։ Կը յաջորդէ երկու նախագահներուն առանձնազը-րոյցը, աւելի վերջ ալ տեղի կ՚ունենան ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Սարգսեան եւ Մաթարելլա կը սարքեն նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։

Պետական այցելութեան շրջանակներէն ներս Իտալիոյ նախագահը հանդիպումներ կ՚ունենայ Երեւանի բարձրագոյն ղեկավարութենէն դէմքերու հետ, ինչպէս նաեւ կը հիւրընկալուի Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։

Սերճիօ Մաթարելլայի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը կ՚այցելէ Ծիծեռնակաբերդ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու։ Արմէն Սարգսեանի եւ Սերճիօ Մաթարելլայի ներկայութեամբ տեղի կ՚ունենայ Հայաստան-Իտալիա Մշակութային ժառանգութեան պահպանման կեդրոնի բացման արարողութիւնը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 30, 2018