ՇԻՐԱԿԻ ԵՐԿՐԱԳԻՏԱԿԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՆՈՐ ՇԷՆՔԸ

Երկար տարիներ արկղերու մէջ պահուած «հարստութիւնը» վերջապէս հանրութեան ներկայացնելու հնարաւորութիւն ստեղծըւած է: Հայաստանի կառավարութեան որոշմամբ՝ Կիւմրիի քաղաքային համայնքի Ջիւանի փողոց, 74 հասցէին վրայ գտնուող հիւանդանոցի շէնքը անհատոյց, անժամկէտ օգտագործման իրաւունքով յատկացուած է «Շիրակի Երկրագիտական թանգարան» ՊՈԱԿ-ին:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Կիւմրիի լրագրողներու «Ասպարէզ» ակումբի խորհուրդի նախագահ Լեւոն Բարսեղեան մայիսի 27-ին գրութիւն ուղարկած էր Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցին՝ առաջարկելով Գալուստ Կիւլպէնկեանի անուան վիրաբուժական հիւանդանոցի նախկին շէնքը տրամադրել Շիրակի Երկրագիտական թանգարանին։ Կառոյցը, հիւանդանոցի այլ կառոյց տեղափոխուելէ յետոյ, դատարկ էր:

Նախարարը անձամբ այս ընթացքին այցելեց Կիւմրի՝ եղաւ Երկրագիտական թանգարանին մէջ, ծանօթացաւ պայմաններուն:

Շիրակի Երկրագիտական թանգարանը ստեղծուած է 1930 թուականին: Եօթանասուն տարիներու ընթացքին այստեղ կեդրոնացուած են պատմական Շիրակ գաւառի նիւթական եւ հոգեւոր մշակոյթը արտացոլող տասնեակ հազարաւոր նիւթեր, որոնցմէ շատերը եզակի են եւ ունին բացառիկ գիտամշակութային արժէք: Թանգարանի ցուցանմոյշները ամփոփուած են հնէաբանութեան, հնագիտութեան, մարդաբանութեան, ազգագրութեան, դրամագիտութեան, գեղարուեստական կեանքէն, նոր եւ նորագոյն պատմութեան վերաբերող փաստավաւերագրական նիւթերու հաւաքածոներու մէջ:

Հակառակ յետերկրաշարժեան ծանր պայմաններուն, թանգարանը Կիւմրիի եւ Երեւանի մէջ իրականացուցած է մի քանի ցուցահանդէսներ:

Թանգարանը 1990-էն ի վեր ուղղակի կապեր ունի Նանթի Թոպրէի թանգարանին հետ, որու արդիւնքին իրականցուած են աշխատակիցներու փոխադարձ աշխատանքներ, հազուագիւտ հնագիտական իրերու անվճար վերականգնում Ֆրանսայի մէջ եւ այլ միջոցառումներ: Համագործակցութեան արդիւնքին 1996-ին Նանթի եւ 1998-ին Լիոնի մէջ բացուած է «Հին Հայաստանի գանձերը» ցուցահանդէսը:

 

Երկուշաբթի, Յուլիս 30, 2018