ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ 17-ԱՄԵԱՅ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄԸ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ

Հալէպի մէջ երէկ պատահեցաւ ցաւալի դէպք մը։ Սուրիահայ 17-ամեայ երիտասարդ մը զոհ գնաց կրակոցին։ «Արեւելք» կայքէջի հաղորդումներով, Շանթ Քէօշկէրեան սպաննուած է Հալէպի Մարթինի փողոցին մէջ։ Դէպքի մանրամասնութիւնները տակաւին յստակ չեն վերջնականօրէն։

Ըստ կայքէջի հաղորդումներուն, 17-ամեայ Շանթ Քէօշկէրեան ծնած էր Հալէպի մէջ։ Իրաւապահ մարմինները ձերբակալած են յանցագործը։ Հաղորդումներուն մէջ չկան յաւելեալ մանրամասնութիւններ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2019