ՕԳՈՍՏՈՍ 30-Ի ՏՕՆԸ

Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի Օգոստոս 30-ի տօնը։ Հանրապետութեան հիմնադիր մեծն Աթաթիւրքի գլխաւորութեամբ 1922-ին տարուած Մեծ Յաղթանակի 95-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի կ՚ունենան տօնակատարութիւններ։

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքեր օրուան տօնին առթիւ հրապարակած են պատգամներ՝ շեշտադրելով երկրէն ներս միասնականութեան մթնոլորտի ամրապնդման կարեւորութիւնը։ Բաց աստի, 30 Օգոստոսի առթիւ այսօր պաշտօնական ընդունելութիւն մըն ալ կը սարքուի Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2017