ՕԳՈՍՏՈՍ 30-Ի ՄԵԾ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՏՕՆԸ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ

Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի օգոստոս 30-ի Մեծ յաղթանակի տօնը։ Հանրապետութեան հիմնադիր մեծն Աթաթիւրքի գլխաւորութեամբ 1922-ին տարուած Մեծ յաղթանակի 96-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի կ՚ունենան տօնակատարութիւններ։

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքեր օրուան տօնին առթիւ հրապարակած են պատգամներ՝ շեշտադրելով երկրէն ներս միասնականութեան մթնոլորտի ամրապնդման կարեւորութիւնը։

Նախագահ Էրտողան շնորհաւորական պատգամին մէջ բիւր յարգանքով ոգեկոչած է Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքը եւ իր բոլոր զինակից ընկերները։ Ան նշած է, որ այս յաղթանակը թուրք ազգի ազատութիւնն ու ապագան երաշխաւորելու տեսակէտէ խորհրդանշական իմաստ մը ունի եւ պատմութեան ամբողջին մէջ կը համարուի այդ վճռականութեան դրսեւորումը։ Էրտողան յիշեցուց, որ թուրք ազգը 15 յուլիսին եւս հերթական անգամ ամբողջ աշխարհին ապացուցանած է իր ազատութիւնն ու ապագան երաշխաւորելու ուղղութեամբ եռանդը։ «Ինչպէս մեր պատմութեան բոլոր շրջաններուն, այսօր ալ մեզի հետ միասին՝ իր յոյսը մեր վրայ դրած բոլոր տուժածներուն համար պայքար կը մղենք», նշած է Էրտողան պատգամին մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ ան շեշտած է, որ Թուրքիոյ կողմէ որդեգրուած 2023-ի նպատակները մեր երկրին առընթեր անոր ամբողջ աշխարհագրութեան ապագային ուղղութիւն տալիք բնոյթ մը կը կրեն։ Ինչպէս երկրի տարած բոլոր յաղթանակները, 30 օգոստոսն ալ կը մատնանշէ, որ պայմանները որքան որ ալ դժուար ըլլան՝ յաջողութեան հասնելու ուղղութեամբ Թուրքիոյ առջեւ միշտ գոյութիւն ունի բաց ճանապարհ մը։ Նախագահը ընդգծած է, որ անցեալ 15 տարիներու ընթացքին երկիրը կտրած է այնպիսի ճանապարհ մը, որ բոլորին ցոյց կու տայ, թէ այդ բոլորը կարելի են։ «Ես կը հաւատամ, թէ այսօր նոր յաղթանակներու, նոր նուաճումներու սեմին կը գտնուինք։ Ներկայ պայքարէն ալ անպայման յաղթական դուրս պիտի գանք՝ Թուրքիոյ եւ թուրք ազգին նկատմամբ վստահութիւն տածողներուն հետ միասին», նշած է նախագահ Էրտողան տօնական պատգամին մէջ։ Ան կրկին անգամ բիւր յարգանքով ոգեկոչած է բոլոր նահատակները՝ օգոստոս 30-ի Մեծ յաղթանակի տօնին առթիւ։

Բաց աստի, 30 օգոստոսի առթիւ այսօր պաշտօնական ընդունելութիւն մըն ալ կը սարքուի Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս։

Անգարայի այս պաշտօնական ընդունելութեան հրաւիրուած է նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ նորին սրբազնութիւնը այսօր մայրաքաղաք կ՚այցելէ՝ ուղեկցութեամբ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի։ Ընդհանուր փոխանորդը եւ հայր սուրբը Անգարա մեկնած են օդային ճամբով։ Այսօր երեկոյեան, նախագահ Էրտողանի տանտիրութեամբ Պեշթեփէի համալիրին մէջ նախատեսուած պաշտօնական ընդունելութեան ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ կը փոխանցէ Պատրիարքական Աթոռին, մեր հոգեւորականաց դասուն եւ համայքին անունով։ Անգարայի ընդունելութեան հրաւիրուած է նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Պատրիարքարանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան այսօր երեկոյեան կը վերադառնան Իսթանպուլ։

Բաց աստի, օգոստոս 30-ի Յաղթանակի տօնին առթիւ Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ ալ կը սարքուի պաշտօնական ընդունելութիւն մը։ Կուսակալութեան ընդունելութիւնը նախատեսուած է Գանտիլլիի մէջ։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռին այս հաւաքոյթին կը մասնակցին Պատրիարքարանի երիտասարդաց յանձնախումբի վարիչ Արի Չոլաք եւ կողակիցը, որոնք կուսակալ Վասիփ Շահինին կը փոխանցեն Պատրիարքարանին ու մեր համայնքին անունով շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 30, 2018