ՀԻՄՆԱՐԱՐ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ

Երեւանի մէջ կազմակերպուած Դեսպաններու խորհրդաժողովի աշխատանքները կը շարունակուին բազմակողմանի ձեւով։ Մէկ շաբթուան ծրագիրով մը նախատեսուած դեսպանահաւաքի մասնակիցները այսօր կ՚այցելեն Կիւմրի, ուր կ՚ունենան զանազան շփումներ թէ՛ մարզային իշխանութիւններու եւ թէ գործարար շրջանակներուն հետ։

Դեսպանահաւաքի մասնակիցները երէկ հիւրընկալուեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի երդիքին տակ։ Բարձրաստիճան դիւանագէտներու ներկայութեամբ խորհրդարանի դահլիճին մէջ ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, որ կանգ առաւ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքներուն վրայ։ Նախարարը մատնանշեց երեք հիմնական սկզբունք՝ ինքնիշխանութիւն, համահայկականութիւն եւ փոխգործակցութիւն։ Մնացականեան բացատրեց, որ հայկական կողմը այս սկզբունքներու հիման վրայ կը մշակէ իր միջազգային յարաբերութիւնները։

Ուրբաթ, Օգոստոս 30, 2019