ՄԱՍՆԱԿԻ ԹՈՅԼՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Մեծ կղզիի յունաց երբեմնի որբանոցի նշանաւոր շէնքին վերանորոգութեան գործընթացը միշտ կը զբաղեցնէ օրակարգը։ Սա Եւրոպայի ամենամեծ, իսկ աշխարհի մեծագոյն երկրորդ փայտաշէն կառոյցն է, որու սեփականութեան իրաւունքը մօտաւոր անցեալին վիճարկուած էր միջազգային դատարաններու մէջ եւ ի վերջոյ գտնուած էր հաշտարար լուծման տարբերակ մը։

Մամուլին մէջ վերջին օրերուն արձագանգ գտած է, որ այս որբանոցի համալիրէն ներս, անցեալին որպէս նախակրթարան օգտագործուած շէնքին համար արդէն վերանորոգութեան արտօնութիւնը տրուած է։

Յոյն համայնքի յայտնի գործիչներէն Լաքի Վինկաս այս կապակցութեամբ յայտարարութիւններ ըրաւ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին։ Ըստ իրեն, որբանոցի համալիրի գլխաւոր շէնքի վերանորոգութեան թոյլտուութեան ապահովման գործընթացը տակաւին կը շարունակուի։ Ըստ Լաքի Վինկասի, վերանորոգուելէ վերջ այդ համալիրը այլեւս որպէս որբանոց պիտի չօգտագործուի, որովհետեւ այդպիսի կարիք մը չկայ։ Համալիրի ապագայ արժեւորման ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին։ «Մեր նպատակն է տէր կանգնիլ թէ՛ մշակոյթին եւ թէ՛ ճարտարապետութեան», նշած է Լաքի Վինկաս։

Յունաց Մեծ կղզիի ողբանոցի գործունէութիւնը դադրած է 1964 թուականին։ Անցնող 58 տարիներուն ընթացքին այնտեղ որեւէ գործ չէ տեսնուած եւ համալիրը ներկայիս բաւական անմխիթար վիճակի մէջ կը գտնուի։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2022