ԱՆԳԱՐԱ ԴՐԱԿԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ ՈՒՆԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Անգարայէն հերթական անգամ դրական յայտարարութիւններ հնչեցին՝ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման հեռանկարին շուրջ։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Թուրքիա դրական վերաբերմունք ունի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին շուրջ։ Քալընի այս վստահեցումը լայն արձագանգ ստեղծած է նաեւ հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։

Ըստ Իպրահիմ Քալընի, Թուրքիա Հայաստանի հետ սահմանը փակած էր, դիւանագիտական յարաբերութիւնները սառեցուցած էր, ըստ էութեան, Ղարաբաղի բռնագրաւման հետեւանքով։ «Այժմ, երբ այդ խնդիրը լուծուած է, ըստ էութեան, Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար որեւէ խոչընդոտ չկայ։ Միեւնոյն ժամանակ, կան Ղարաբաղի վերաբերեալ որոշ հարցեր, որոնք տակաւին պէտք է լուծուին», ըսաւ Իպրահիմ Քալըն։

Հարցազրոյցին մէջ մանրամասնելով այդ անլոյծ հարցերը՝ Իպրահիմ Քալըն թուարկեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի մը բացակայութիւնը։ «Սա անհրաժեշտ է Հայաստանին, Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ։ Եթէ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրուի, ապա սա շատ լուրջ ազդեցութիւն պիտի ունենայ տարածքաշրջանային կայունութեան վրայ», նշեց Իպրահիմ Քալըն։

Իր խօսքով՝ խաղաղութեան համաձայնութեան ստորագրումը կրնայ արագացնել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։ «Global Haber»ին տուած հարցազրոյցին մէջ Քալըն տեղեկացուց, որ խաղաղութեան համաձայնագիրի պատրաստութեան գործընթացը կը շարունակուի եւ յաջորդ փուլը պիտի ըլլայ պայմանագրի կնքումը։ Թուրքիոյ տեսակէտէ էական չէ, որ կողմերը ի՛նչ ձեւաչափով պիտի հանդիպին։ «Կարեւոր ալ չէ, թէ սա կ՚ըլլայ ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ կամ տարածքաշրջանային այլ դերակատարներու ներգրաւումով։ Կարեւորը այն է, որ ըլլայ պայմանագիրը, որ պիտի հաստատուի Ատրպէյճանի եւ պիտի ընդունուի Հայաստանի կողմէ։ Այսպէսով խնդիրը ամբողջութեամբ կը լուծուի ու մէկ կողմ կը դրուի», ընդգծեց Իպրահիմ Քալըն։

Անգարայէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ վերջին շրջանին յաճախ յայտարարութիւններով հանդէս կու գան Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարին շուրջ։ Այդ յայտարարութիւններէն ոմանք կ՚ունենան աւելի խստապահանջ ոճ մը, իսկ ոմանք ալ կ՚ըլլան աւելի մեղմ կամ չափաւոր։ Իպրահիմ Քալընի այս յայտարարութիւնները կարելի է այդ չափաւորներու շարքին դասել՝ այն առումով, որ ուղղակիօրէն անուն տալով ան չէ խօսած «Զանգեզուրի միջանցքի» բացման հարցին շուրջ։ Նախագահ Էրտողան օրերս արտայայտուած էր այդ մասին, ինչ որ անխուսափելիօրէն ստեղծած էր այն տպաւորութիւնը, թէ սա Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի առջեւ դրուած հերթական նախապայմանն է։ Յամենայնդէպս, գործնական առումով սա շատ մեծ փոփոխութեան մը նշանակութիւնը կրնայ չունենալ, որովհետեւ Թուրքիա այժմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը սպասել որոշած է։ Իսկ այդ միջանցքի խնդիրը, պարզ է, որ Պաքուի կողմէ յամառօրէն կը հետապնդուի ու յառաջ կը քշուի Երեւանի առջեւ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2021