ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԳԱԳԱԹ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Սոչիի մէջ հիւրընկալուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած եւ անկիւնադարձային նշանակութիւն վերագրուած այս առանձնազրոյցը թէ՛ Անգարայի եւ թէ Մոսկուայի կողմէ որակուեցաւ արդիւնաւէտ։ Թուրքիա-Ռուսաստան համագործակցութիւնը վերջին տարիներուն կը պայմանաւորէ՝ միջազգային օրակարգի բազում հրատապ խնդիրներու ընթացքը։ Այս առումով Սոչիի երէկուան գագաթն ալ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։

Առանձնազրոյցի սկիզբին երկու ղեկավարները ողջոյնի ամփոփ խօսքերով հանդէս եկան։ Անոնք այս փուլին գոհունակութիւն յայտնեցին իրենց համատեղ օրակարգի գրեթէ բոլոր նիւթերու վերաբերեալ համագործակցութեան ընթացքին շուրջ։ Էրտողանի այցը ողջունելու ժամանակ Փութին անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն եւ դրական ակնարկութիւններ ըրաւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի մշտադիտարկման համար ստեղծուած համատեղ զինուորական կեդրոնի գործունէութեան շուրջ։

Սոչիի գագաթէն վերջ կատարուած հրապարակումներուն մէջ կ՚առանձնանան Սուրիոյ իրադրութեան վերաբերեալ հանգամանքները։ Նախագահ Էրտողան երէկուան գագաթին ժամանակ յայտնեց, որ Սուրիայէ ներս խաղաղութեան հաստատումը կախում ունի Թուրքիա-Ռուսաստան համագործակցութենէն։

Կը հաղորդուի, որ Էրտողան-Փութին առանձնազրոյցը տեւած է շուրջ 2 ժամ 45 վայրկեան։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2021