ԵՐԳԻՉ ՀԱՅԿՕ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ԶՈՀ ԴԱՐՁԱՒ

Հայկական երաժշտական աշխարհը երէկ կրեց ցաւալի կորուստ մը. ոչ եւս է սիրուած մեներգիչ Հայկօ, որ զոհ գնաց քորոնաժահրի համաճարակին։ Երգիչ ու երգահան Հայկոյի առողջական վիճակի վատթարացման մասին վերջին օրերուն լուրեր կը հասնէին Երեւանէն, սակայն բոլորը հակուած էին իրենց յոյսը պահել։ Դժբախտաբար, այդ յոյսերը չարդարացան եւ Հայկօ 44 տարեկանին աչքերը փակեց կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր սիրելիներն ու համակիրները։

Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի ղեկավար Շուշան Դանիէլեան երէկ ցաւ ի սիրտ տեղեկացուց յայտնի արուեստագէտի կորուստը։ Հանգուցեալին կողակիցը՝ նոյնպէս մեներգչուհի Անահիտ Սիմոնեանն ալ վերջին օրերուն ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկութիւններ փոխանցած էր Հայկոյի առողջական վիճակին շուրջ։

Հայկօ (Հայկ Յակոբեան) երաժշտական գործունէութեան ընթացքին նուաճած էր զանազան կոչումներ եւ արժանացած՝ պարգեւներու։ 2007-ին ան Հայաստանը ներկայացուցած էր «Եւրոտեսիլ» մրցոյթին մէջ՝ ապահովելով 8-րդ հորիզոնականը։ Հայկոյի մահուան բերումով ցաւակցականներ հրապարակուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ այսօր եւ վաղը երեկոյեան ժամերուն, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ պիտի հնչեն Հայկոյի երգերը։ Նորոգ հանգուցեալ երգիչի գործերը այսօր կը հնչեն նաեւ Երեւանի մեթրոյի կայարաններուն մէջ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2021