ՅՍՏԱԿՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ

Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է աջակցիլ Թուրքիա-Հայաստան հաշտեցման, բայց, այս պահուն գործընթացի վերաբերեալ որեւէ յստակութիւն չկայ։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ամերիկացի դեսպանը երէկ Կիւմրիի մէջ զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ «Կողմերը պէտք է պատրաստակամութիւն ունենան այդ բանին համար։ ԱՄՆ այդ պարագային պատրաստ է աջակցելու, նպաստելու հաշտեցման, երկխօսութեան ջանքերուն։ Բայց, կարեւորագոյնն է, որ կողմերու մօտ այդ ցանկութիւնը, պատրաստակամութիւնը ըլլայ։ Այս պահուն իրավիճակը այդ մասով տակաւին յստակ չէ։ Նաեւ մարդիկ պէտք է վստահութիւն զգան հաշտեցման ջանքերու ուղղութեամբ ու մենք պատրաստ ենք այդ նպատակին ուղղել մեր դիւանագիտական ջանքերը», ըսաւ Լին Թրէյսի։

Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի մէջ այս շրջանին պատրաստութիւններ յառաջ կը տարուին՝ Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի նոր դեսպանի նշանակման ուղղութեամբ։ Այդ պաշտօնին համար թեկնածու է Ճէֆ Ֆլէյք, որ նախկին ծերակուտական մըն է։ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսէն ներս ան այս շրջանին ապագայ հաւանական պաշտօնին շուրջ պատկերացումները կը բացատրէ՝ քոնկրէսականներու հաւանութեան արժանանալու նպատակով։ Այդ լսումներուն ընթացքին Ճէֆ Ֆլէյք պատասխանեց ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ռապըրթ Մենենտեզի հարցման։ Այս կապակցութեամբ դեսպանի թեկնածուն յայտնած է, որ եթէ իր թեկնածութիւնը հաւանութեան արժանանայ, ապա ինք պիտի խրախուսէ Թուրքիան, որպէսզի աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ հակամարտութեան կայուն ու երկարաժամկէտ լուծում մը գտնելու ուղղեալ ջանքերուն։ Ան կը նախատեսէ խրախուսել նաեւ խաղաղ ու դիւանագիտական լուծումներ՝ արեւելեան Միջերկրականի տարաձայնութիւններուն համար։

Դեսպանի թեկնածուն Քոնկրէսէն ներս խոստացած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ պաշտօնավարութեան պարագային վերահաստատել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2021