ՆՈՐ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի երէկ Պաքուի մէջ հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Երկու ղեկավարները կանգ առին տարածքաշրջանային փոխակերպման կարեւորութեան վրայ։ Թիֆլիզի ղեկավարութիւնը այս շրջանին միշտ կը բարձրաձայնէ իր պատրաստակամութիւնը՝ յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան հաստատման, յարաբերութիւններու կարգաւորման համար իր նպաստը բերելու ուղղութեամբ։ Իրակլի Ղարիպաշվիլի երէկ Պաքու մեկնելէ առաջ վրացական լրատուամիջոցներուն յայտարարեց նաեւ, որ կը ծրագրէ այցելել Երեւան։ Ան նշեց, որ Վրաստան կը հետապնդէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը հաշտեցնելու նպատակը։ Ան յոյս յայտնեց, թէ իր ջանքերը դրական դեր կը խաղան՝ հարեւան երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման տեսակէտէ։

Թիֆլիզի երէկուան ժամադրութեան կապակցութեամբ Ղարիպաշվիլի կարճ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ։ «Մենք շօշափեցինք երկկողմանի նշանակութիւնով, ռազմավարական գործընկերութեան նիւթերը եւ դիտարկեցինք մեր համագործակցութեան ապագայ զարգացման համար նոր հնարաւորութիւններ», տեղեկացուց Ղարիպաշվիլի։ Իր կարգին, Իլհամ Ալիեւն ալ գոհունակութիւն յայտնեց Վրաստան-Ատրպէյճան համագործակցութեան ընթացքին կապակցութեամբ՝ մասնաւորապէս երկկողմանի առեւտրաշրջանառութեան աճին բերումով։

Երկու ղեկավարները երէկ նաեւ գլխաւորեցին Թիֆլիզի մէջ կազմակերպուած Վրաստան-Ատրպէյճան միջկառավարական յանձնաժողովի նիստի բանակցութիւնները։

Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանին ալ ըսաւ. «Մենք բոլորս համակարծիք ենք, թէ տարածքաշրջանէ ներս երկարաժամկէտ խաղաղութեան եւ կայունութեան համար այլընտրանք չկայ»։ Թիֆլիզի երէկուան յանձնաժողովի նիստէն վերջ Զալքալիանի յայտնեց, որ վրացական կողմի նախաձեռնութիւնը ընդունելութեան կ՚արժանանայ մեծ հաւանութեամբ։ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոմիութիւնը աշխուժօրէն կ՚աջակցին «Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղ հարեւանութեան նախաձեռնութեան», որուն ձեռնամուխ եղած է Վրաստանի վարչապետը։

Միւս կողմէ, տարածքաշրջանի ազդու դերակատարներէն Թեհրան այս շրջանին հետզհետէ աւելի բարձրաձայն անհանգստութիւն կը յայտնէ յետպատերազմեան շրջանին Պաքուի կողմէ որդեգրուած քաղաքականութեան շուրջ։ Այսպէս, Իրանի Յեղափոխութեան պահապաններու ղեկավարներէն գնդապետ Հիւսէյին Փուրէսմայիլ երէկ Ատրպէյճանի ուղղեալ ազդարարութիւններով հանդէս եկաւ։ Իրան ներկայիս Ատրպէյճանը կը զգուշացնէ՝ Իսրայէլի հետ հաստատուած սերտ համագործակցութեան հաւանական հետեւանքներուն դէմ։ Արդարեւ, այդ համագործակցութիւնը կրնայ սպառնալիք դառնալ նոյնինքն Պաքուի համար։ «Նորագոյն պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ ճակատագիր կ՚ունենան այն առաջնորդները, որոնք կը վստահին Միացեալ Նահանգներուն եւ Իսրայէլին», ըսաւ գնդապետը։

Վերջին օրերուն Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սաիտ Խաթիփզատէն ալ հանդէս եկած էր յայտարարութիւններով, որոնց մէջ վերապահութիւն յայտնած էր Ատրպէյճանի՝ վերջին շրջանին հետեւած ուղղութեան կապակցութեամբ։ Բանբերը նշած էր, որ Իրան չի հանդուրժեր Իսրայէլի ուժերու ներկայութիւնը իր սահմաններուն մօտ։

Թեհրան-Պաքու առանցքին վրայ յառաջացած առկայ լարուածութեան հիմնական պատճառներէն մին է Գորիս-Կապան մայրուղիին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ Իրանի բեռնատարներու վարորդներու ձերբակալումը՝ ապօրինի կարգով Լեռնային Ղարաբար մուտք գործելու պնդումով։ Արդէն երկու շաբաթէ ի վեր ձերբակալեալ իրանցիներու ճակատագրին մասին ոչինչ կը հաղորդուի։

Իր կարգին, Հայաստանի Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Ռուստամ Բադասեանն ալ յայտնեց, որ Սիւնիքի մարզի Գորիս-Կապան ճանապարհի Որոտանի հատուածէն ներս Ատրպէյճան կը շարունակէ ճանապարհային տուրք պահանջել Իրանի վարորդներէն։ Իր խօսքով՝ հայկական կողմը ամէն ինչ կ՚ընէ, որպէսզի իրանցի վարորդները Հայաստանի տարածքով բեռնափոխադրումները իրականացնեն հնարաւորինս յարմարաւէտ ձեւով։ «Ըստ էութեան, մենք ունինք փաստացի ստեղծուած իրավիճակ։ Մեր գործառոյթներու շրջանակէն ներս ամէն ինչ կ՚ընենք, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով բեռնափոխադրումները Իրանի վարորդներուն կողմէ հնարաւորինս յարմարաւէտ, մաքսային կէտերու սպասարկումը կատարուի յարմարաւէտ եւ յաւելեալ խնդիրներ չյառաջանան։ Վերջնական լուծումը, կը կարծեմ, թէ կ՚ենթադրէ աւելի համալիր գործողութիւններ, որոնց շուրջ կառավարութիւնը կ՚աշխատի», ըսաւ ան։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2021