ՕՓԵՐԱՅԻ ՄԷՋ ՇՔԵՂ ԵՐԵԿՈՅԹ

Երէկ երեկոյեան, Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր համերգ մը։ Այսպէս, Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը ելոյթով մը հանդէս եկաւ՝ իր 16-րդ համերգաշրջանի սկիզբին առթիւ։ Նուագախումբը ձեռնարկի յայտագիրը գործադրեց՝ իր գեղարուեստական ղեկավար ու խմբավար Սերկէյ Սմբատեանի մականին ներքեւ։

Այս երեկոյթը միեւնոյն ժամանակ բնորոշեց «Արմենիա» միջազգային երաժշտական 5-րդ փառատօնի մեկնարկը։ Սա Երեւանի գեղարուեստասէրներուն տեսակէտէ հերթական հնարաւորութեան պատուհանն է՝ բարձրորակ երաժշտութեան հետ շփուելու համար։ Այս փառատօնը կը կազմակերպուի Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբի եւ Մշակոյթի աջակցութեան եւրոպական հիմնադրամի համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Նախագիծը կեանքի կը կոչուի Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2021