ՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

29 Հոկտեմբերի Հանրապետութեան տօնին առթիւ երէկ բովանդակ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցան փայլուն արարողութիւններ։ Անգարայի մէջ, երեկոյեան ժամերուն, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Առաջին տիկին Էմինէ Էրտողանի տանտիրութեամբ սարքուեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս կազմակերպուած այս տօնական հաւաքոյթին հրաւիրուած էին երկրի գրեթէ բոլոր խաւերուն եւ շրջանակներուն կողմէ ներկայացուցիչներ։ Հազարաւոր ներկաներու առջեւ Էրտողան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։

Սոյն շքեղ երեկոյթի մասնակիցներու շարքին էին նաեւ երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցիչները։ Այսպէս, Պեշթեփէ հրաւիրուած էր նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն համար տեղ յատկացուած էր պատուոյ հիւրերու բաժնին մէջ։ Շիրինօղլու տեղ գրաւեց Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի եւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքի մէջտեղը։ Էրտողան դահլիճ ժամանելով մի առ մի ձեռնուեցաւ պատուոյ հիւրերուն հետ։ Այս փուլին ան ողջունեց նաեւ Պետրոս Շիրինօղլուն, որ մեր համայնքին կողմէ իրեն շնորհաւորութիւններ յղեց՝ Հանրապետութեան տօնին առթիւ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2017