ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Երեւանի Մատենադարանի երդիքին տակ վերջերս հիւրընկալուեցան խումբ մը օտար գիտնականներ եւ հետազօտողներ։ «Պալթեան ծովէն մինչեւ Սեւ ծով. հայերը՝ մշակութային, տնտեսական եւ քաղաքական գործընթացներու մէջ» նիւթին ձօնուած գիտաժողովի մը մասնակցելու նպատակով այդ գիտնականները մեկնած էին Երեւան եւ այս առթիւ Մատենադարան այցելելով ծանօթացան այնտեղ ի պահ դրուած հնագոյն ձեռագրերուն եւ հայկական մշակոյթի ուրոյն նմոյշներուն։ Օտար գիտնականներու եւ հետազօտողներու խումբի անդամներուն տեսակէտէ յատկանշական ու անմոռանալի այցելութիւն մըն էր այս մէկը։ Շրջայցի աւարտին հիւր գիտնականները լուսանկարուեցան Մատենադարանի համայնապատկերին վրայ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2018