ՄԻՇՏ ՎԱՌՕԴԻ ՀՈՏ

Վառօդի հոտը չի դադրիր։ Արցախի լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակուի խոր մտահոգութեան պատճառ դառնալով եւ մարդասիրական սոսկալի աղէտի մը ծանր ու ցնցիչ դրսեւորումներով։ Հրադադարի իրերայաջորդ ձախողումներէն վերջ, ռազմական գործողութիւններու կասեցման պարագան արդէն հարցականներու փակուղիին մատնուած է։ Միջազգային դերակատարներու իրերայաջորդ կոչերը կը մնան ապարդիւն եւ անոնց ամուլ ջանքերը դաշտի վրայ գործնական արդիւնքի մը հասնելու չեն նպաստեր։

Հակամարտ կողմերէն պատերազմի ընթացքին շուրջ հակասական տուեալներու հաղորդումներն ալ կը շարունակուին։ Ատրպէյճան երէկ հաղորդեց, որ խոցած է երկու հայկական ռազմաօդանաւ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հերքեցին այդ տուեալը։

Երէկ երեկոյեան, Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնին մէջ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան սարքեց հերթական մամլոյ ասուլիսը։ Ամփոփելով երէկուան օրը՝ ան յայտնեց, որ Բերձորէն մինչեւ Արաքսի ափը զուգադիպած հատուածէն ներս հայկական կողմը դիրքային բարելաւումներ ունեցած է։

Այս առաւօտ Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկութիւններ հաղորդեց երէկ գիշերուայ իրադարձութիւններուն շուրջ։ Այսպէս, Արցախի պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ պայքարիլ Ատրպէյճանի զօրքերու ներթափանցման փորձերուն դէմ։ Այս ամբողջին մէջ, գիշերը ոչնչացուած է զինամթերքը Ատրպէյճանի այն ստորաբաժանումներուն, որոնք այդ ներթափանցման փորձերը կը կատարեն։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրներն ալ այս առաւօտ տեղեկացուցին, որ ռազմաճակատի հիւսիսային հատուածին մէջ եւս տեղի ունեցած են բախումներ։ Հայկական կողմը կասեցուցած է Ատրպէյճանի բանակի յարձակումները։ Արծրուն Յովհաննիսեանի կողմէ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած վերջին հաղորդումներով, այս օրուայ սկիզբին ռազմաճակատի հարաւային հատուածէն ներս խտացեալ մարտերը վերսկսած են։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2020