ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿՐԿՆԵՑ ԿՈՉԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով աւագ խորհրդական Ռապըրթ Օպրայանի հետ։ Կը հաղորդուի, որ զրոյցը տեղի ունեցած է ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ շաբաթավերջին Ուաշինկթընի մէջ երրորդ անգամ վերահաստատուած մարդասիրական հրադադարի ձախողումէն վերջ Փաշինեան յայտնած էր, որ ամերիկեան կողմի արձագանգին կը սպասէր։ Նիկոլ Փաշինեան զրոյցի ընթացքին նշած է, որ Ատրպէյճան խախտած է հրադադարը։ Ըստ իրեն, այս հարցին մէջ անոր կը սատարէ Թուրքիան։ Ամերիկեան կողմը հաւաստիացուցած է, թէ պիտի շարունակէ միջնորդական գործունէութիւնը հրադադարի հաստատման նպատակով։ Օպրայան կարեւորած է հակամարտութեան երրորդ ուժերու ներգրաւման բացառումը։ Ան նշած է, որ Երեւան եւ Պաքու պէտք է կատարեն հրադադարի վերաբերեալ իրենց պարտաւորութիւնները։ Օպրայան աւելցուցած է, որ հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի։ Ուաշինկթըն կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի արտաքին կողմերը ձեռնպահ մնան միջամտութենէ եւ միանան ԱՄՆ-ի ջանքերուն՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու աջակցութեամբ բանակցութիւններու վերսկսման հարցին մէջ։

Միջազգային որոշ լրատուամիջոցներ վերջին օրերուն քննադատութիւններ կը հասցէագրեն ԱՄՆ-ին՝ շեշտելով, որ ան լրջօրէն չէ արձագանգած հակամարտութեան գօտիէն ներս յարձակումներու վերջին բռնկման։

Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեան երէկ հերթական գրառումով հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ ու դարձեալ կոչ ուղղեց Արցախի անկախութեան միջազգայնօրէն ճանաչման համար։ Փաշինեան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի ուժերը ահաբեկիչներու հետ կը շարունակեն ռազմական գործողութիւնները եւ անոնց նպատակն է Արցախի մէջ հայերու էթնիք զտումը։

Բաց աստի, պատերազմական իրավիճակի մէջ Փաշինեան հերթական հարցազրոյցը տուաւ միջազգային մամուլին։ Ան «The Daily Telegraph» անգլիական թերթին յայտարարեց, որ Երեւան հանդէս կու գայ հակամարտութեան գօտիէն ներս ռուս խաղաղապահներու տեղակայման ի նպաստ, սակայն այս ուղղութեամբ համաձայն պէտք է գտնուին բոլոր կողմերը։

Փաշինեանի աւագ խորհրդականը՝ Վաղարշակ Յարութիւնեանն ալ նախընթաց օր յայտնած էր, որ Ռուսաստան կողմնակից է տարածքաշրջանէ ներս կայունութիւն հաստատելու եւ հակամարտութիւններու գոյութիւնը չեն համապատասխաներ անոր շահերուն։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2020