«ՄԵԹՐՈՓՈԼԻԹԸՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԲԱՑՈՒԻ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՄԸ

Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» աշխարհահռչակ թանգարանին մէջ յառաջիկայ տարի պիտի բացուի «Հայաստան» խորագրեալ ցուցահանդէս մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 21 Սեպտեմբեր 2018 թուականին պիտի բացուի այս ցուցահանդէսը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 13 Յունուար 2019-ը։ Ակնյայտ է, որ բացումը կը զուգադիպի Հայաստանի ազգային տօնի օրուան։

Այս ցուցահանդէսին մէջ ընդգրկուած պիտի ըլլան Պոսթոնի՝ Ամերիկայի հայկական թանգարանէն շարք մը ցուցանմոյշներ, ներառեալ նկարազարդ ձեռագրեր։ Ցուցահանդէսին մէջ ընդգրկուած նմոյշները պիտի ներկայացնեն Հայաստանի քրիստոնէացման գործընթացը, ինչպէս նաեւ հայկական գեղարուեստի զարգացումը միջնադարուն եւ անոր տարածումը աշխարհի մէջ։ Այս նիւթերուն վերաբերեալ քննարկումները թանգարանէն ներս պիտի վարէ Տքթ. Հելէն Էվընս։

Ցուցահանդէսի ծիրէն ներս ընդգրկուած պիտի ըլլան նաեւ լուսանկարիչ Հրայր Խաչերեանի (Բազէ) հայկական խաչքարերու նշանաւոր լուսանկարները։ Սոյն շարքին վերաբերեալ ալպոմ-գիրքն ալ լուսանկարչին կողմէ պիտի ներկայացուի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանէն ներս։ Հրայր Խաչերեան միեւնոյն ժամանակ պիտի ըլլայ այս ցուցահանդէսի պաշտօնական լուսանկարիչը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2017