ԽՏԱՑԵԱԼ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ

Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններուն մէջ ներկայիս կ՚ընթանայ աշխոյժ որոնումներու շրջան մը։ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Մինչ այդ այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին, ներկայիս արդէն կողմերը կը պատրաստուին Հայաստան-Իրան միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի նիստին, որ նախատեսուած է յաջորդ ամիս։

Երեւանի եւ Թեհրանի ղեկավարութիւնները ներկայիս ջանքեր կը գործադրեն բոլոր ուղղութիւններով զարգացնելու համար յարաբերութիւնները՝ որպէս հարեւաններ։ Ճեւատ Զարիֆի վերջին այցելութեան ընթացքին այդ բոլորը քննարկուեցան մանրամասնօրէն։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան իր պաշտօնակցին հետ շօշափեց համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները։ Իր կարգին, Վարչապետ Կարէն Կարապետեանն ալ ուրախութիւն յայտնեց Երեւանի մէջ կազմակերպուած Հայաստան-Իրան տնտեսական ֆորումին համար։ Իր խօսքերով՝ կողմերը պայմանաւորուած են զանազան ուղղութիւններով զարգացնել համագործակցութիւնը։ «Հայաստանի կառավարութիւնը չափազանց շահագրգռուած է ու պատրաստ՝ որակապէս փոխելու եւ նոր մակարդակի մը բարձրացնելու մեր առեւտրաշրջանառութիւնը», ըսաւ Կարէն Կարապետեան։ Բաց աստի, Կարապետեան Զարիֆի հետ կարծիքներ փոխանակեց ուժանիւթի ոլորտէ ներս երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերու մէջ համագործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ։

Հայաստան ներկայիս կը պատրաստուի Մեղրիի մէջ՝ Իրանի հետ սահմանին վրայ հաստատել ազատ առեւտուրի գօտի մը։ «Մեղրի» ազատ առեւտուրի գօտին կրնայ ունենալ համագործակցութեան լուրջ հեռանկարներ՝ Իրանի «Արաս» տնտեսական գօտիին հետ։ Ճեւատ Զարիֆի այցելութեան օրերուն տեղի ունեցած բոլոր քննարկումներուն ընթացքին հայկական կողմը ընդգծեց, որ «Մեղրի» ազատ առեւտուրի գօտին նշանակութիւն կրնայ ունենալ թէ՛ երկկողմանի համագործակցութեան եւ թէ երրորդ երկիրներ ներգրաւելու տեսակէտէ։ Զարիֆ շեշտեց, որ Թեհրան պատրաստակամ է այս հարթակին վրայ առարկայականօրէն համագործակցիլ եւ շահագրգռուած է «Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտիի շուտափոյթ բացման։

Ճեւատ Զարիֆ Երեւանի մէջ մատնանշեց երկու հարեւան երկիրներու համագործակցութեան ներուժը։ «Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման համար որեւէ խոչընդոտ գոյութիւն չունի», ըսաւ ան։

Իր կարգին, Եդուարդ Նալպանտեանն ալ ներկայացուց, որ երկու երկիրներու պատկան մարմիններուն կողմէ ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր մը, որու նպատակն է սահմանել Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ազատ տնտեսական գօտիներու պարագային համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2017