ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՄԱՆ ԲԱՐԴ ՕՐԱԿԱՐԳԸ

Սոչիի յայտարարութիւնը երեւութապէս կը թուի, որ որեւէ հիմնական նորութիւն չի բովանդակեր: Նոյեմբեր 9-ի եւ յունուար 11-ի յայտարարութիւններու կէտերու իրականացման անհրաժեշտութիւնը ընդգծող կէտեր են: Առանցքային գիծը մինչ այժմ ստորագրուած երեք յայտարարութիւններուն տարածաշրջանի ապաշրջափակումն է: Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան ամենէն կարեւոր կէտը 9-րդ կէտն է. փաստօրէն յունուար 11-ի յայտարարութիւնը կեդրոնացած է միայն 9-րդ կէտին վրայ. մօտաւորապէս նոյնը՝ նաեւ 26 նոյեմբերի յայտարարութիւնը. Սոչին եւս հիմնականին մէջ արծարծած է ապաշրջափակման օրակարգը:

Սահմանազատումն ու սահմանագծումը հիմնականին մէջ լռելեայն ներառուած են դարձեալ ապաշրջափակման կէտին տակ: Մինչ ապաշրջափակում յղացքին մէջ Երեւանը հաղորդակցութեան ճանապարհներուն մասին կը խօսի, թուրքեւատրպէյճանական կողմը կը շարունակէ յանկերգել միջանցքը:

Սոչիի յայտարարութեան մէջ միջանցք բառը չկայ, սակայն Ռուսաստանի նախագահը իր բանաւոր յայտարարութիւններուն մէջ կ՚օգտագործէ այդ բառը: Անշուշտ միջանցք թէ ճանապարհ Մոսկուան այդ հատուածի անվտանգութիւնը կ՚ընկալէ բացառապէս իր վերահսկողութեան տակ: Եւ այստեղ տարածքային թէ արտատարածքային կարգավիճակը երկրորդական կը դառնայ. ճանապարհը կամ միջանցքը կը մնայ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական գերիշխանութեան տակ, սակայն ըստ էութեան՝ ռուսական զօրքերու վերահսկողութեամբ: Լուծման այս բանալին կ՚երեւի նաեւ յայտարարութեան մէջ:

Այսպէս. յայտարարութիւնը կ՚ընդգծէ ռուսական խաղաղապահ համակազմի կարեւոր ներդրումը տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կայունացման ու անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ եւ կը շեշտէ, թէ կողմերը պայմանաւորուած են քայլերու ձեռնարկել. անմիջապէս ետք կը խօսի սահմանի կայունութեան եւ անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու նպատակով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման երկկողմ յանձնախումբի ստեղծման մասին՝ Ռուսաստանի խորհրդատուական աջակցութեամբ:

Այս բաժինին նախանշումը կատարած էր Ռուսաստանի նախագահը, երբ ակնարկելով Սիւնիքի բախումներուն յայտնած էր, որ լարուածութիւնը չէ մեղմացած, հետեւաբար կ՚ակնկալուի Ռուսաստանի յաւելեալ ներգրաւումը թէ՛ դիւանագիտական եւ թէ զինուորական տեսքով:

Շատ պարզ են ուղերձէն բխելիք գործողութիւնները: Դիւանագիտական առումով սահմանազատման գործընթացին կը միջնորդէ Մոսկուան եւ զուգահեռ յաւելեալ ուժեր կը տեղակայէ Ատրպէյճան-Հայաստան սահմանին վրայ՝ վերահսկելու համար անվտանգութիւնը եւ կանխելու համար յառաջիկայ բախումները: Այսքան պարզ:

Մինչեւ հոս հասնիլը սակայն յիշենք Մոսկուայի եռակողմ չկայացած հանդիպումը, ապա առցանց հեռակայ տեղի չունեցածը, ապա Պրիւքսելի հրաւէրը՝ 15 դեկտեմբերին եւ միջանկեալ Սոչին: Ուղերձը նաեւ միջազգային ընտանիքին է. հիմնական, գլխաւոր մրցավարը Մոսկուան է: Եւ պատահական չէ, որ Սոչիի մէջ երկու կողմերը հանդիպումը դրական ու կառուցողական կը գնահատէին, հիմնականին մէջ ռուսական նախաձեռնութիւնը, միջնորդութիւնը, մրցավարութիւնը ներբողելով:

Հայկական կողմի առարկութիւնը, թէ Ատրպէյճան ներխուժած է հայաստանեան տարածք, բաւարար չէր: Միայն այդ առարկութիւնը գերադասելով՝ ըստ էութեան արդէն հայկական կողմը ներքաշուած է հակամարտութեան բնոյթը Արցախ-Ատրպէյճանէն լիովին Հայաստան-Ատրպէյճան հիմնախնդիրի վերափոխող ծուղակին: Արցախի մասին խօսք չկայ:

Հայկական կողմը չէ յաջողած յայտարարութեան բնագիրին մէջ ներառել հետեւեալ կէտերը.

- Նոյեմբեր 9-ի պայմանաւորուածութեան կէտերու իրականացման հրամայական. յատկապէս 7-րդ եւ 8-րդ կէտերու:

- Գաղթականներու վերադարձ Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից տարածքներ (թէկուզ իւրաքանչիւր կողմ գաղթականներու վերադարձի իր պատկերացումը ունենայ):

- Ռազմագերիներու, սպաննուած անձերու, պահուող անձերու եւ աճիւններու վերադարձ:

- Կարգավիճակի խնդիրի տարանջատում սահմանազատման գործընթացէն:

Եւ ապա միայն՝

- Որեւէ գործընթացի սկսելէ առաջ ատրպէյճանական զօրքերու հեռացում հայաստանեան տարածքներէ:

Այս բոլորը շրջանցող յայտարարութեամբ արդէն կ՚անցնինք սահմանազատման եւ ապաշրջափակման օրակարգերուն:

Հայկական կողմէն ակնկալելի պահանջները որեւէ նոր տարր չեն պարփակեր իրենց մէջ: Պարզապէս նաեւ ռուսական մասնակցութեամբ կայացած պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը պիտի արծարծէին: Իսկ ատրպէյճանական զօրքերու հեռացումը հայաստանեան գերիշխան տարածքներէն միջազգայնօրէն ընդունելի նախապայման կրնար դիտարկուիլ որեւէ նոր համաձայնութիւն գոյացնելէ առաջ:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
«Ազդակ» օրաթերթ, Պէյրութ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2021