ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԸ ԲԱՐՁՐ ՊԱՐԳԵՒ ՄԸ ՅԱՆՁՆԵՑ ԷՐԻՔ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆԻՆ

Հայաշխարհի վառ անհատականութիւններէն Էրիք Իսրայէլեան վերջերս պարգեւատրուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին կողմէ։ Օգտակարութեան մետայլին արժանացաւ տքթ. Էրիք Իսրայէլեան՝ մարդասիրական իր ծառայութիւններուն եւ քրիստոնէական հաւատքին թէ՛ տեղական եւ թէ համաշխարհային մակարդակի վրայ բերած սպասաւորութեան բերումով։ Այս մետայլը Վատիկանի Սուրբ Աթոռին կողմէ աշխարհականներուն շնորհուած ամենաբարձր պարգեւն է։ Սրբազան Պապը այդ մէկը Վատիկանի մէջ հանդիսաւորապէս յանձնած է Էրիք Իսրայէլեանին, որ մասնագիտութեամբ ֆիզիքոս է, կ՚արտադրէ շարժանկարներ, մարդու իրաւանց պաշտպան է ու ձեռներէց։ Միեւնոյն ժամանակ, Էրիք Իսրայէլեան կ՚անդամակցի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան։ Այս առթիւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանն ալ շնորհաւորական մը ուղարկած է Էրիք Իսրայէլեանին՝ Սուրբ Աթոռի կողմէ արժանացած բարձր գնահատանքին բերումով։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2021