ՎԱՐԴԳԷՍ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Վարդգէս Մահտեսեանը, որ Յունական Կիպրոսի հայութեան պետական ներկայացուցիչն է։ Ան վերջերս վերընտրուած է եւ այս առթիւ իր տիկնոջ հետ յատկապէս մեկնած Պէյրութ՝ ստանալու համար Կիլիկեան Աթոռի գահակալին օրհնութիւնը։

Արամ Ա. Կաթողիկոս զրոյցի ընթացքին ջերմօրէն շնորհաւորեց Վարդգէս Մահտեսեանը եւ դրուատեց անոր կողմէ մատուցուած ծառայութիւնը։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, Մահտեսեանի ապագայ գործունէութեան համար ալ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2021