ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՐՔՈՒԱԾ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առաւօտ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Սոչիի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի գագաթաժողովի լոյսին տակ կատարուած է այս յայտարարութիւնը։ Այսպէսով Երեւանի ղեկավարութիւնը հրապարակած կ՚ըլլայ իր առաջին պաշտօնական մեկնաբանութիւնը՝ Սոչիի գագաթաժողովէն վերջ կատարուած համատեղ յայտարարութեան կապակցութեամբ։ Այսպէս, հայկական կողմը շեշտած է, որ Սոչիի եռակողմ յայտարարութիւնով հերքուած են «միջանցքի» մասին յառաջ տարուած քարոզչական թեզերը։ Նախարարութիւնը համոզուած է, թէ այդ յայտարարութիւնը կը վերահաստատէ Պաքուի կողմէ ազատ չարձակուած հայ գերիներու խնդիրը։ «Համոզուած ենք նաեւ, թէ եռակողմանի յայտարարութիւններու դրոյթներու լիարժէք կեանքի կոչումը կը նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան ներքեւ», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Հարկ է յիշեցնել, որ Սոչիի գագաթաժողովէն վերջ Իլհամ Ալիեւ Աշխապատի մէջ յայտարարած էր, որ Զանգեզուրի միջանցքը իրականութիւն դառնալու վրայ է։

Սոչիի գագաթաժողովի եզրափակիչ փուլին Վլատիմիր Փութինն ալ տեղեկացուցած էր, որ ներկայ շաբթուայ տեւողութեան Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու հանդիպումը, որու աւարտին կը հրապարակուին ղեկավարներու կողմէ ընդունուած շարք մը որոշումներ։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2021