ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԱԾ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին ենթարկուեցաւ վիրահատութեան։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Արմէն Սարգսեան վիրահատական միջամտութեան ենթարկուած է արտասահմանի մէջ։ Ան յառաջիկայ օրերուն պիտի գտնուի ապաքինման փուլի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրները այլ որեւէ մանրամասնութիւն չեն տեղեկացուցած, թէ ի՛նչ պատճառով եւ ո՛ւր գործողութեան ենթարկուած է Հանրապետութեան նախագահը։

Այս առթիւ արագ ապաքինում կը մաղթենք նախագահ Արմէն Սարգսեանին՝ յուսալով, թէ ան փութով կը վերագտնէ իր առողջութիւնը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2019