ՏՊԱՒՈՐԻՉ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ
Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոն Եակլանտ վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թեհրան, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան հանդիպումներ ունեցաւ Վրաստանի Նախագահ Կիորկի Մարկվելաշվիլիի, Վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլիի, Արտաքին գործոց նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Եակլանտ Թիֆլիզի մէջ յայտարարեց, որ Վրաստան տպաւորիչ յառաջընթաց մը ապահոված է վերջին տարիներուն ընթացքին։ Եակլանտ ըսաւ.
«Առաջին հերթին ես կը փափաքիմ Վրաստանը շնորհաւորել այն յառաջընթացին համար, որուն ան հասած է վերջին տարիներուն ընթացքին։ Եւրոպական կառոյցները կը պաշտպանեն Վրաստանի կողմէ ձեռնարկուած բարեփոխումները։ Մենք ուրախ ենք, որ Վրաստանի կառավարութիւնը հաշուի կ՚առնէ մեր յանձնարարականները»։
Իր կարգին, Միխէյիլ Ճանելիծէ Եակլանտի հետ տեսակցելէ վերջ յայտնեց, որ հանդիպման ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերուած է մարդու իրաւանց պաշտպանութեան հարցերուն նկատմամբ։ Այդ ուշադրութիւնը ի զօրու է նաեւ Աբխազիոյ եւ Օսեթիոյ պարագային. շրջաններ, որոնք Վրաստանի կեդրոնական իշխանութիւններու վերահսկողութենէն դուրս են։ Ճանելիծէ Եակլանտին տեղեկութիւններ փոխանցած է այնտեղ ստեղծուած իրադրութեան մասին։