ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Ճոն Պոլթըն հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Twitter-ի պաշտօնական էջին վրայ Պոլթըն տեղեկացուց, որ Ալիեւի հետ քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հեռանկարները։ Ան յաւելեալ մանրամասնութիւններ չներկայացուց։ «Այսօր ես խօսեցայ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ։ Մենք քննարկեցինք շարք մը ընդհանուր հետաքրքրութեան առարկայ հարցեր, ներառեալ ուժանիւթի անվտանգութիւնը եւ անվտանգութեան ոլորտէ ներս համագործակցութիւնը նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը», գրեց Ճոն Պոլթըն։

Քանի մը օր առաջ Ճոն Պոլթըն հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցած էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Այդ զրոյցէն վերջ Փաշինեան մասնաւորապէս յայտնած էր, որ անդրադարձ չէին կատարած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Պոլթընի կողմէ Ալիեւի հետ զրոյցի բովանդակութեան շուրջ փոխանցուած այս տեղեկութենէն վերջ, Նիկոլ Փաշինեան կրկնեց, որ վերջին հեռախօսազրոյցի ժամանակ չէին անդրադարձած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։

Այս խնդրին անդրադառնալու առընթեր Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտնեց, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր հանդիպումները բանակցութիւններ չեն համարուիր, անոնք անպաշտօն շփումներ են, որոնց ընթացքին տեղի կ՚ունենան կարծիքներու փոխանակումներ։ Պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին՝ Փաշինեան ըսաւ. «Մենք, ընդհանրապէս, չենք կրնար նոյնիսկ քննարկել տարածքներու փոխարէն խաղաղութեան բանաձեւը»։ Ան աւելցուց, որ Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ կը վարէ այնպիսի քաղաքականութիւն մը, որ նախապէս որեւէ կառավարութիւն չէ որդեգրած։

Արդեօք ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրները նախաձեռնութիւններ կ՚ընե՞ն, որպէսզի բանակցութիւնները վերսկսին ու նոր թափ ստանան։ Ի պատասխան՝ Փաշինեան նշեց, որ այս հարցը կը գտնուի արտաքին գործոց նախարարներու քննարկման օրակարգին վրայ։

Հայաստանի քաղաքական մեկնաբաններն ալ վերջին օրերուն հանդէս կու գան խորհրդածութիւններով, ըստ որոնց ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին էական կը համարուի հաւանական վտանգներու նուազեցումը, պայմանաւորուածութիւններու կատարումը եւ իսկական արդիւնքներու արձանագրումը։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, այս ուղղութեամբ կողմերու քայլերը պէտք է ըլլան փոխադարձ եւ համարժէք։ Այդքան ալ էական չեն, թէ ինչ անուններ կ՚ունենան պայմանաւորուածութիւնները։

Վերջին օրերուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային հետախուզական ծառայութեան ղեկավար Տենեըլ Քոութս եւս անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տան հետախուզութեան հարցերով յանձնաժողովի աշխարհէ ներս ռազմական հակամարտութիւններու սպառնալիքներու վտանգներու գնահատման վերաբերեալ պատգամին մէջ ան անդրադարձաւ ղարաբաղեան հակամարտութեան։ Ըստ իրեն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարածքաշրջանային լարուածութիւնը կը շարունակուի լայնածաւալ պատերազմի հաւանական աղբիւր հանդիսանալ եւ այդ մէկուն կրնայ ներգրաւուիլ նաեւ Ռուսաստան։ Հարկ է յիշեցնել, որ այս պաշտօնեան անցեալ տարեմուտին եւս հանդէս եկած էր նման կանխատեսումներով ու նոյնպէս պնդած էր, որ Ռուսաստան կրնայ ներգրաւուիլ՝ աջակցելու համար իր դաշնակից Հայաստանին։

Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասին, որ կարճ այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, ողջունեց Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումներու պարբերականութիւնը։ Ըստ իրեն, ռուսական կողմի փափաքն է, որ այդ հանդիպումները շարունակուին։ Նոյն ուղղութեամբ կ՚աշխատին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները։ Ռուս փոխ-նախարարը յայտնեց, որ յառաջիկային նախատեսուած են հանդիպումներ զանազան մակարդակներու վրայ՝ նախարարներ եւ պետութիւններու ղեկավարներ։ Կարեւոր է, որ անոնք լաւ պատրաստուած ըլլան եւ յառաջխաղացում ապահովեն։ Ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը կարեւոր համարեց նաեւ կանխատեսելիութեան ապահովումը։

Քարասին բացատրեց, որ այս տարուայ ընթացքին զգալի յառաջընթաց մը կրնայ ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին շուրջ։ Թէեւ բոլորի փափաքն է, որ կարգաւորումը հնարաւորինս արագ ըլլայ, սակայն պէտք է ըլլալ իրատես։ «Միջազգային հանրութիւնը ու բոլոր երկիրները համաձայն են կէտի մը վրայ. միանշանակ է՝ պէտք է բացառուին հակամարտութեան կարգաւորման ուժային տարբերակները։ Իսկ բանակցութիւնները պէտք է տեղի ունենան հանգիստ, փոխադարձ յարգանքի պայմաններու մէջ», ըսաւ Կրիկորի Քարասին։

Միւս կողմէ, համայն Ռուսաստանի Քիրիլ Ա. Պատրիարքը հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Շէյխիւլիսլամ եւ Կովկասի մահմետականներու վարչութեան պետ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի հետ։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ «Մենք կը փորձենք յառաջ տանիլ եռակողմանի երկխօսութիւնը Ղարաբաղի հարցին շուրջ։ Թէեւ այսօր որեւէ լուրջ յառաջընթաց չկայ, սակայն, կարեւոր է, չկայ պատերազմ։ Եթէ ամէն ինչ կրօնական գործիչներէ կախեալ ըլլար, մենք վաղուց լուծած կ՚ըլլայինք այս հարցը։ Մենք պիտի խրախուսենք քաղաքական գործիչները։ Յոյս ունինք, թէ այս խնդիրը կը լուծուի», ըսաւ ռուսաց պատրիարքը։ Իր կարգին, Ալլահշիւքիւր Փաշազատէն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց ղարաբաղեան հարցի շուրջ Քիրիլ Պատրիարքի դրական դերակատարութեան համար։

Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019